Ամբողջացաւ 27 Հոկտեմբերի Ոճրային Արարքին 14-ամեակը
Անցեալ կիրակի օր լրացաւ 27 հոկտեմբերի ոճրային արարքին 14-րդ տարին:
27 հոկտեմբեր 1999-ին Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարցում-պատասխանի ընթացքին, Նայիրի Յունանեանի զինեալ խումբը ներխուժեց խորհրդարանի նիստերու դահլիճ եւ գնդակահարեց ութ պետական գործիչներ` Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Տեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, խորհրդարանի փոխնախագահներ Եուրի Բախշեանը եւ Ռուբէն Միրոյեանը, պատգամաւորներ Արմենակ Արմենակեանը, Միքայէլ Քոթանեանը, Հենրիկ Աբրահամեանը եւ նախարար Լէոնարտ Պետրոսեանը:
Կիրակի օր Ազգային ժողովի այգիին մէջ` Երուանդ Քոչարի կերտած յուշակոթողին մօտ, տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն: Խորհրդարանի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, փոխնախագահներ Հերմինէ Նաղդալեան եւ Էդուարդ Շարմազանով, պատգամաւորներ, Ազգային ժողովի աշխատակազմի ներկայացուցիչները յարգանքի տուրք մատուցեցին 27 հոկտեմբերին ոճրային արարքին պատճառով զոհուած գործիչներու յիշատակին:
Արարողութեան ներկայ էին նաեւ զոհուած պետական գործիչներու հարազատները: Ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին սպաննուածներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ:
27 հոկտեմբերին յիշատակի ձեռնարկներ տեղի ունեցան նաեւ Եռաբլուրի եւ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

