Մոռնինկսթար Չի Բացառեր. Սարգսեան Եւ Ալիեւ Կրնան Հանդիպում Ունենալ Մինչեւ Տարեվերջ

«Յոյսով ենք, որ մինչեւ տարեվերջ տեղի ունենայ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը», «Թուրան» լրատու գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար:

Ըստ անոր, «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր նշանակուած ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք կը ցուցաբերէ նոր մօտեցումներ, որոնք կարելիութիւն կու տան լուծման հոլովոյթը շարժել մեռեալ կէտէն»:

Ըստ դեսպանին, ամերիկացի համանախագահը կը ցանկայ աշխուժացնել միջնորդական ջանքերը: «Ան նոր մօտեցումներ կը ներդնէ եւ նոր վերաբերմունք կը ցուցաբերէ հարցին լուծման գծով: Ես անոր ականատեսը դարձայ` Ազրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ բանակցութիւններուն ընթացքին», նշեց Մոռնինկսթար:

 

Share this Article
CATEGORIES