Քոսթա Պաշտօնապէս Հրաւիրուեցաւ Պրազիլի Ֆութպոլի Ազգային Խումբ
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, պաշտօնական նամակ մը ուղարկելով ՖԻՖԱ-ին, յայտնեց, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Տիեկօ Քոսթան կը հրաւիրէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբ, որպէսզի ան իր մասնակցութիւնը բերէ Չիլիի եւ Հոնտուրասի դէմ տեղի ունենալիք բարեկամական մրցումներուն:
Եթէ Քոսթա մերժէ այս հրաւէրը, պէտք է համապատասխան նամակ մը գրէ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ ՖԻՖԱ-ին:
Եթէ պատահի, որ ան մինչեւ 31 հոկտեմբեր այդ նամակը չգրէ, ստիպուած է մաս կազմելու Պրազիլի խումբին:
Նշենք, որ Պրազիլի նման Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչն ալ` Վիչենթէ Տել Պոսքէ, կ՛ուզէ, որ Քոսթա միանայ իր կազմին:
CATEGORIES Մարզական

