Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Սելթա Վիկօ – Պարսելոնա
Սպանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու հանդիպումներ:
Առաջինը, որ պիտի սկսի ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), իրարու դէմ պիտի հանէ Էսփանիոլը եւ Մալակը:
Երկրորդ մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 23:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Պարսելոնա հիւրը պիտի ըլլայ Սելթա Վիկոյի:
Պարսելոնա այժմ 28 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը, մինչ Սելթա Վիկօ, որ ապահոված է 9 կէտ, կը գտնուի 15-րդ դիրքին վրայ:
Իտալիոյ մէջ, 10-րդ հանգրուանի բացման ծիրին մէջ այսօր ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Աթալանթա կը հիւրընկալէ Ինթեր Միլանը: Վերջինս 18 կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը, մինչ Աթալանթա 12 կէտով` 9-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական