Պրազիլական Ֆութպոլ. Փալմէյրաս Ապահովեց Բարձրագոյն Դասակարգի Իր Տոմսը
Նախորդ տարեշրջանին Պրազիլի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աւարտին Ա. դասակարգ փոխադրուած Փալմէյրաս, նախանցեալ օր ապահովեց բարձրագոյն դասակարգ բարձրանալու իր տոմսը, թէեւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սաօ Քայեթանոյի հետ:
Ա. դասակարգի ախոյեանութեան առաջին դիրքը գրաւող Փալմէյրաս չկրցաւ ցնցել բերդը իր մրցակիցին, որ կը գրաւէ դասաւորման նախավերջին դիրքը:
Սակայն անիկա այժմ 9 կէտի առաւելութեամբ կը գրաւէ առաջին դիրքը եւ այժմ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ` ախոյեան հանդիսանալու համար:
Նշենք, որ Փալմէյրաս չորս անգամ հանդիսացած է Պրազիլի ախոյեան:
CATEGORIES Մարզական

