Վոլֆսպուրկ Հետաքրքրուած Է Մովսիսեանով

Իր լուրը քաղելով Transfermarkt.de կայքէջէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը յայտնեց, որ «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Վոլֆսպուրկ ամէն գնով կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանը:

Նկատի ունենալով, որ խումբին յառաջապահներէն Շթեֆան Քուչքէ եւ Իվիցա Օլիչ վիրաւոր են, անոնք «Պունտըսլիկա»-ի դարձի մրցումներէն պիտի բացակային:

Զօրացնելու համար իր յարձակողականը` Վոլֆսպուրկ կ՛ուզէ իր կազմին միացնել Մովսիսեանը:

Նշենք, որ «Պունտըսլիկա»-ի այլ ակումբներ եւս հետաքրքրուած են Մովսիսեանով:

Share this Article
CATEGORIES