Թուրէ Հանդիպում Մը Ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի Պատասխանատուին Հետ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Սիթիի միջնապահ Եայա Թուրէ նախորդ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունցած է ՖԻՖԱ-ի մէկ պատասխանատուին հետ` քննարկելու համար այն հարցը, որուն զոհ գացած էր ան նախորդ շաբաթ Ռուսիոյ մէջ` իր դէմ հասցէագրուած ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններուն պատճառով:
Փղոսկրեայ ափունքցի միջազգային մարզիկը «Սթեմֆըրտ Պրիճ»-ի մէջ տեսակցեցաւ ՖԻՖԱ-ի փոխնախագահ Ճեֆրի Ուեպի հետ` Չելսիէն իր կազմին կրած պարտութենէն (2-1) կարճ ժամանակ ետք:
Նշենք, որ Ուեպ «ՔՈՆՔԱՔԱՖ»-ի ֆետերասիոնին նախագահն է, ինչպէս նաեւ ՖԻՖԱ-ի հակացեղապաշտական յանձնախումբին նախագահը:
Թուրէ ըսաւ, որ իր դէմ ուղղուած են ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ ու բացագանչութիւններ, երբ Ռուսիոյ մէջ իր կազմը Մոսկուայի Բանակայիններուն դէմ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով յաղթանակ կ՛արձանագրէր:
Սիթիի մէկ պատասխանատուն հաստատեց այդ հանդիպումին կայացումը` առանց սակայն յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու:
Թուրէ եզրափակեց նշելով, որ բոլոր սեւամորթ մարզիկները պոյքոթի պիտի ենթարկեն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալը, եթէ ռուսական կողմը չկարենայ զսպել ցեղապաշտական բնոյթի արտայայտութիւններ կատարող իր համակիրները: