Սերճիօ Մարգարեան Կրնայ Նշանակուիլ Քոլօ-Քոլոյի Մարզիչ

Ուրուկուէյահայ մարզիչ Սերճիօ Մարգարեան կրնայ գլխաւորել Չիլիի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող Քոլօ-Քոլօ խումբը, որ երկրին ամէնէն շատ տիտղոսներու տիրացած կազմն է, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը` նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:

Ինչպէս կը յայտնէ Չիլիի մամուլը, ան կը նկատուի այս պաշտօնը ստանձնելիք գլխաւոր թեկնածուն: Անիկա այժմ 11-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ 11-րդ դիրքը:

Մարգարեան նախապէս եւս Չիլիի մէջ աշխատելու փորձառութիւն ունեցած է` նկատի ունենալով, որ ան անցեալին եղած է Իւնիվերսիտետ տը Չիլիի մարզիչը (2009-2010 տարեշրջանին):

Նշենք, որ ան շաբաթ մը առաջ հրաժարեցաւ Փերուի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի իր պաշտօնավարութիւնը շարունակելէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )