«Ազդակ»՝ Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Թրիփոլիի Սուրբ Հոգեգալստեան Եկեղեցւոյ Օծումն Ու Օրհնութիւնը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թրիփոլիի հայ համայնքին նորակառոյց Սուրբ Հոգեգալստեան եկեղեցիին օծումն ու օրհնութիւնը կատարուեցաւ 1962-ին, ձեռամբ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արքեպիսկոպոս Բարոյեանի։ «Ազդակ» օրին, 11 եւ 12 յունիս 1962-ի թիւերով եւ «Օծում եւ օրհնութիւն Թրիփոլիի նորակառոյց եկեղեցւոյ» խորագիրով թղթակցութիւններով անդրադարձած է օծման եւ օրհնութեան արարողութիւններուն, զորս համադրելով կը ներկայացնենք։

***

Յունիս 2։ Շաբաթ երեկոյ։

Նորաշէն եկեղեցւոյ զանգակը լեզու առած, առաջին անգամ ըլլալով, կը կանչէ իր սիրեցեալ զաւակները աղօթքի։ Կþաւետէ խնդութիւն։ Անոնք, անսալով իրենց հոգեւոր մօր կանչին, կը փութան երկրպագութեան։ Ներկայ է առաջնորդ Խորէն սրբազան։ Ժամերգութիւնը կը սկսի։ «Լոյս զուարթ»ը խունկի բուրմունքով առաւել անուշցած, Բանին Յոյսով կը ծիածանէ սրտերը։ Աղօթքներն ու սաղմոսները կþարձագանգեն հայկական կամարներուն տակ եւ հեռաւոր անկիւնները կը դառնան մրմունջ ու խորհուրդ։ Հաւատացեալները գլխահակ, օտար եկեղեցիներու գաւիթներուն առջեւ քառասուն տարիներու սպասումին նուաստացումը ջնջած, գոհութեան աղօթքն է, որ կը մրմնջեն։ Յաղթանակի քաղցրութիւնն է, որ կը ճաշակեն արցունքներու ընդմէջէն։

Ժամերգութիւնը կþաւարտի։ Սրբազան հայրը կþօծէ պատկերները, կը լուայ ջուրով եւ գինիով խաչերը, ապա, կը բացատրէ կատարուած խորհուրդը։ Յաջորդ օր, կիրակի, Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետը պիտի կատարէ նորաշէն եկեղեցւոյ օծումը։

Կիրակի, օրերուն օրն է Թրիփոլիի հայութեան։

Պատուարժան թաղական խորհուրդը, արժանավայել շուքով տօնախմբելու համար յիշատակելի այդ թուականը, որ մնաց անջնջելի գաղութի տարեգրութեանը մէջ որպէս ազգային հպարտանքի եւ լոյսի աղբիւր, մանաւանդ արժանի դառնալու համար այդ օրուայ մեծութեան, զօրաշարժի ենթարկեց իր բոլոր ուժերը, կարողութիւնը, մեծ գործին համար արժանի մեծութիւն ցուցաբերելով։ Պատուարժան անդամները, շաբաթներ ամբողջ, տիւ եւ գիշեր, մոռցած այլ մտահոգութիւններ, բացառիկ զոհողութիւններու գնով ըրին լաւագոյն կարգադրութիւններ, յառաջացուցին կարգադիր օժանդակ յանձնախումբեր եւ պատրաստեցին ընդունելութիւն մը փառաւոր, որ արժանացաւ հայ թէ օտար շրջանակներու անվերապահ գնահատանքին։

Յունիս 3։ Կիրակի առաւօտեան «Արդար Արեգակ»ը Թրիփոլիի երկնակամարին տակ ապրող հայութեան բերաւ բարիք, դարձաւ ազդանշան խանդավառութեան, մանաւանդ՝ գործի։

Բազմաթիւ ազգայիններ, մօտ հարիւրի հասնող ինքնաշարժներով, փոքրիկ գաղութի մը համար աննախատեսելի կարգադրութիւն, գացին ընդ առաջ իրենց սիրելի վեհափառին մինչեւ Շըքքէ։

Քիչ ետք, վեհափառը հասնելով իր շքախումբով, հսկայ թափօրը ուղղութիւն փոխեց դէպի Թրիփոլի, ուր հաւատացեալները խուռներամ կը սպասէին ակնդէտ։ Կէս ճամբան, ընդունելութեան թափօրին միացաւ շրջանի մարոնի համայնքի առաջնորդ Անթուն Ապէտի կողմէ ղրկուած եկեղեցականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, տասը ինքնաշարժներով։ Պատկառելի թափօրը հանդարտօրէն թաւալելով, ժամը 8:30-ին մուտք գործեց Թրիփոլի եւ ուղղուեցաւ եկեղեցի։

Առտու կանուխ, պատուարժան թաղական խորհուրդի կարգադրութեամբ ժամանած ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի փողերախումբը, Պէյրութի եւ տեղւոյն արծուիկներն ու սկաուտները իրենց առաջնորդներով տեղաւորուած էին երկու շարքի վրայ, դպրոցի բակի սահմանին արմաւենիի թարմ ոստերով բարձրացած կամարէն մինչեւ եկեղեցւոյ ներսը։ Վեհափառ հայրապետը, իր հետեւորդներով հազիւ ինքնաշարժէն իջած, ընդունուեցաւ մեծ պատիւներով։ Սկաուտներն ու արծուիկները պատուի կեցած, փողերախումբը հնչեցուց լիբանանեան ազգային քայլերգը, ապա, «Հրաշափառ»-ով առաջնորդուեցաւ վարժարանի տեսչարանը, որպէս օրուայ պատարագիչ՝ զգեստաւորուելու համար։

Անդին, եկեղեցւոյ մէջ ժամերգութիւնը կը շարունակուի։ Հաւատացեալներու բազմութիւնը վերացած կþաղօթէ։ Մեծ է հայուն Աստուածը։

«Խորհուրդ խորին, անհաս եւ անսկիզբ…»։

Նորին վեհափառութիւնը զգեստաւորուած, մուտք կը գործէ եկեղեցի։ Ճակատները կը խոնարհին։ Սկսած է Ս. պատարագը։ Սրբազան երգեցողութիւնը կը կատարուի քառաձայն, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ, ղեկավարութեամբ Վարդան Սերայտարեանի։ Դուրսը գտնուող հաւատացեալները կը հետեւին Ս.  պատարագին բարձրախօսին միջոցով։

Որքա՜ն քաղցր է երգեցողութիւնը, որքան ներդաշնակ։ Մի՞թէ մեր նախահայրերը գիտակ չէին իրենց յետնորդներուն թողած սրբազան աւանդին արժէքին, երբ զայն իրենց արեան գնով կը ճգնէին պահպանել։

Օրհնեա՜լ ըլլայ անոնց յիշատակը, լո՛յս կաթի անոնց լոյսի ծարաւ հոգիներուն։ Ու՝ այս խորհրդածութեան վրայ կը կամարուի յաղթ, բարութեան եւ հաւատքի բխումով վեհափառ հօր շրթներէն արտահոսած մաղթանքները.- «Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն…»։

Ս. պատարագը չաւարտած, վեհափառ հօր կողմէ եւ մասնակցութեամբ առաջնորդ սրբազանին, կատարուեցաւ եկեղեցւոյս օծման եւ օրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը, որ կոչուեցաւ Հոգեգալստեան Ս. եկեղեցի։

Ժամը տասն է արդէն։ Պատարագը կը շարունակուի։ Պաշտօնական հրաւիրեալները կը սկսին ժամանել, արժանանալով մասնաւոր ընդունելութեան եւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գեղամ Դաւիթեանի կողմէ կþառաջնորդուին եկեղեցի, իրենց վերապահուած տեղերը։

Ներկայ էին վարչապետ Ռաշիտ Քարամէ  իր հետեւորդներով, երեսփոխաններ Ֆուատ Պորթ, Հաշէմ Հիւսէյնի, Մոհամէտ Համզէ, Ամին Հաֆէզ, պետական հայ երեսփոխաններ տէր եւ տիկին Մովսէս Տէր Գալուստեան, Վ. Շամլեան եւ Խ. Պապիկեան, հիւսիսային Լիբանանի ոստիկանութեան ընդհանուր հրամանատարը, Թրիփոլիի կուսակալն ու ոստիկանութեան ընդհանուր պատասխանատու Օսման Օսման, մարոնի համայնքի առաջնորդ Անթուն Ապէտ, յունաց նորընտիր առաջնորդը, հայ աւետարանական եւ կաթողիկէ համայնքներու հոգեւոր հովիւներ՝ վերապատուելի Յովհաննէս Ակներեան եւ հայր Մանուէլ Թերզեան, բժշկապետ Նինի, Ազգային Գաւառականի ատենապետ տէր եւ տիկին Վահէ Սէթեան, Քաղաքական ժողովի ատենապեն ու ատենադպիրը՝ տէր եւ տիկին Ռ. Մաւիսագալեան եւ Գ. Բանեան եւ այլ ազգայիններ։

Կը հասնի քարոզի պահը։ Նորին վեհափառութիւնը կը ճառագայթէ համակ սէր եւ բարութիւն։ Կþօրհնէ յիշատակը հանգուցեալ բարերարին. բոլոր «եկեղեցի շինողաց»։ Կþանդրադառնայ մեր անցեալի հոյակերտ եկեղեցիներուն, որոնք այսօր աւերակ կամ կիսակործան, կը մնան լոկ հնագէտներու հետաքրքրութեան առարկայ։ Կը թելադրէ նիւթեղէն տաճարներու կողքին, մեր սրտերուն մէջ կառուցանել ոգեղէն, քրիստոնէական սիրոյ անքակտելի տաճարներ, բոլորուելով եւ եղբայրանալով, Քրիստոսի հաւատքին շուրջ։

«Սիրեցէք զիրար»։ Ահա մեծագոյն պատգամը մարդկութեան։

«Օրհնեալ ըլլաք»։

Ս. պատարագէն վերջ, վեհափառ հայրապետը, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ պատուոյ հիւրերը Ազգային վարժարանի սրահին մէջ հիւրասիրուեցան գովացուցիչով եւ կարկանդակով։ Պետական անձնաւորութեանց մեկնումէն ետք, վեհափառը, առաջնորդ սրբազանը եւ հրաւիրեալները առաջնորդուեցան քաղաքին լաւագոյն պանդոկը՝ Մունթազա, ուր 60 անձի համար շքեղ ճաշասեղան մը պատրաստուած էր թաղական խորհուրդի կարգադրութեամբ։

Անդին, Պէյրութի եւ տեղւոյն արծուիկներն ու սկաուտները, փողերախումբի առաջնորդութեամբ, թափօր կազմած, կարգապահ շարքերով  տողանցեցին Թրիփոլիի փողոցներուն մէջէն յաղթականօրէն, բոլորին հիացումին արժանանալով։

Վեհափառի օրհնութենէն վերջ, սկսաւ ճաշկերոյթը։ Ճաշի ընթացքին, բաժակներ պարպուեցան վեհափառ հայրապետին, սրբազան հօր եւ այլոց կենացը։ Ճաշի վերջաւորութեան խօսք առաւ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գ. Դաւիթեան եւ ըսաւ ի մէջ այլոց.-

«Վեհափառ տէր,
Գերաշնորհ սրբազան հայր,
Եւ յարգելի ներկաներ,

«Հանդիսաւոր օր մը, որպիսին է այս օրը, ահա կը բացուի Թրիփոլիի երկնքին ներքեւ, յատկապէս մեր համայնքի կեանքին մէջ, որ գերագոյն ուրախութեամբ կը հրճուեցնէ մեր հոգիները, ա՛յն աստիճան, որ կը դժուարանանք գտնելու արժանաւորագոյն բառեր արտայայտելու համար երջանկութեան եւ հպարտութեան մեր զգացումները։ Լիացած ենք ցնծութեամբ, որովհետեւ քառասուն երկար տարիներու մեր երազը սեփական եկեղեցի ունենալու, ահա այսօր իրականացած կը գտնենք։ Խոնարհաբար եւ բարեպաշտական ջերմ զգացումներով մենք զմեզ պատուըւած կը զգանք այսօր մեր վեհափառ հօր՝ նորին Ս. օծութիւն Տ. Տ. Զարեհ Ա. կաթողիկոսին շնորհաբեր եւ երջանկաբեր ներկայութեամբը մեր մէջ։

Հպարտ ենք նաեւ զմեզ տեսնելով շրջապատուած Լիբանանի մեր պետական երեսփոխաններով, Ազգային իշխանութեան անդամներով եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան պատուական ներկայացուցիչներով։

Յանուն Թրիփոլիի հայութեան, մենք՝ համեստ անդամներս Թաղական խորհուրդի, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի շինութեան յանձնախումբի՝ ձերդ սրբազնութեան կը մատուցանենք մեր որդիական զգացումները այն մեծագոյն պատիւին համար, զոր կþընէք մեր համայնքին, անոր ընծայելով ձեր վեհափառական ներկայութիւնը։

Խորապէս շնորհակալ ենք մեր առաջնորդ սրբազան հօր՝ գերշ. Տ. Խորէն արքեպիսկոպոս Բարոյեանին, որ իր բոլոր միջոցներով մեզի օգնեց, յոգնութիւն չճանչնալու աստիճան, լուծելու համար Թրիփոլիի մեր համայնքին բոլոր խնդիրները։ Այնքան ատեն, որքան ունինք մեր կաթողիկոսները եւ մեր առաջնորդ սրբազան հայրերը, մինչեւ ամէնէն խոնարհ ծխատէր քահանայ հայրերը, այնքան ատեն որքան Լիբանանի բարեխնամ կառավարութեան կու տանք մեր ներկայացուցիչները եւ ունինք մեր ազգային երեսփոխանները, այնքան ատեն, որքան ունինք մեծ բարերարներ հանգուցեալ մեծանուն Գալուստ Կիւլպէնկեանի նման, այնքան ատեն որքան ունինք ուսուցիչներ մեր մայրենի լեզուն աւանդող, հայ կեանքի հոգեկան եւ իմացական աղբիւրները պիտի մնան յաւիտենականօրէն անսպառ։

Վեհափառ Տէր, հանդիսական այս պահը յարմարագոյն վայրկեանը կը նկատենք խոնարհաբար խնդրելու ձեզմէ, որ ձեր առ Աստուած աղօթքներուն մէջ խնդրէք բարձրեալէն, որ մեր ազգին պարգեւէ քրիստոնէական եղբայրութեան շնորհը, որպէսզի բոլորս կարենանք ապրիլ միացած եւ մեր Առաքելական եւ ուղղափառ Ս. եկեղեցւոյ ծոցին մէջ»։

Սրբազան առաջնորդը պատասխանելով ատենապետի խօսքերուն, ըսաւ.

«1962-ին իմ առաջին այցելութիւնս կու տայի այս գաղութին, տեսակ մը նուաստացում եւ ցաւ զգացի, երբ զիս տարին օտար եկեղեցի մը պատարագելու։ Իբրեւ վարժարան կը գործածուէին երկու հին, խարխուլ շէնքեր, մութ ու խոնաւ սենեակներով։ Այդ օրէն, իմ մասնաւոր մտահոգութեանս առարկայ դարձուցի այս գաղութը օժտել մարդավայել դպրոցով մը եւ հայկական եկեղեցիով։ Սկսայ դիմումներ տեղացնել ամէն կողմ»։

Յետոյ պատմականը ըրաւ կատարուած աշխատանքներուն..։

Երկրորդ խօսք առնողն էր Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Լիզպոնի ներկայացուցիչ Կորիւն Քէշիշեան, որ իր շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք յանուն հիմնարկութեան հայկական բաժնի նախագահութեան եւ տնօրէնութեան, մաղթեց ազգային մարմիններուն արդիւնաւոր գործունէութիւն։ Յայտարարեց նաեւ թէ Լիզպոնի կեդրոնը, այս ուրախ առիթով, հազար լ. ոսկի կը դնէ նորակերտ եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմնի տրամադրութեան տակ։

Վերջին անգամ, վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւնը յայտնեց կատարուած գործին մասին, օրհնեց յիշատակը բարերարին եւ իր հայրական օրհնութիւնները տալէ ետք Թրիփոլիի հայութեան, իր հետեւորդներով մեկնեցաւ։

***

Թրիփոլիի հայ համայնքին մասին 1966-ին հետաքրքրական յօդուած մը ստորագրած է «Այգ»-ի այդ օրերու աշխատակից Շահանդուխտ, ուր Սուրբ Հոգեգալստեան եկեղեցւոյ մասին կþըսէ.

Թրիփոլիի կեդրոնական հրապարակէն հազիւ ձախ դարձած, արդէն իսկ աչքերուդ կը պարզուի գողտրիկ, սիրուն եկեղեցիի մը կղմինտրեայ գմբէթն ու զանգակատունը։ Զանոնք ուղեցոյց ըրած կը յառաջանաս, նայուածքդ գամած դէպի երկինք սլացող խաչին, ու չես կորսուիր։ Եկեղեցին հայկական է, իր «միսով» ու «ոսկորով»…։

Տէր Պարգեւ Յովհաննէսեան տեղւոյն ծխատէր քահանան է։ Հաղորդական ու հիւրասէր եկեղեցական մըն է, որ կը յիշեցնէ հայկական վէպերու մէջ մեր կարդացած նուիրեալ քահանաները։ Տէր հայրը բացատրութիւններ կու տայ եկեղեցւոյ եւ իր ծուխին մասին.

– Այս եկեղեցին կառուցուեցաւ 1962 թուին, Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան եւ մեր ժողովուրդին նուիրատուութեամբ։ Հոս ունինք 200 ընտանիք։ Շատ գոհ եմ ծուխերէս, մեր փոխյարաբերութիւնները սերտ են։

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )