Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց Մարինա Համամճեան

Սարգիս Կիրակոսեան Կը Ստանայ
«Կանթեղ» Մրցանակ

12 հոկտեմբերին Օշականի մէջ նշուեցաւ աւանդական Թարգմանչաց տօնը։ Այս առիթով Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամները այցելեցին Մ. Մաշտոց եկեղեցի եւ ծաղիկներ զետեղեցին հայերէնի առաջին ուսուցիչին շիրիմին վրայ։

Ապա եկեղեցւոյ դպրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Կանթեղ»-ի մրցանակաբաշխութիւնը։ Այս մրցանակը կը տրուի հայ գրականութիւնը այլ լեզուներով եւ օտար գրականութիւնը հայերէնով ներկայացուցած լաւագոյն աշխատանքներուն համար։

Այս տարի «Կանթեղ»-ի մրցանակներ շնորհուեցան լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Կիրակոսեանին եւ Շանթ Մկրտչեանին։

Սարգիս Կիրակոսեան մրցանակի արժանացաւ Ատոնիսի «Մայրիներու ծիածանը» եւ «Դամասկոսցի Միհիարին երգերը» արաբերէնէ հայերէն թարգմանուած ժողովածուներուն համար, իսկ Շանթ Մկրտչեան՝ թարգմանական վաստակին համար։

Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Է. Մելիտոնեան կարեւոր նկատեց այն երեւոյթը, որ այս մրցանակը կը տրուի նաեւ սփիւռքահայ թարգմանիչներու, որովհետեւ անոնց միջոցով կը տարածուի հայ գրականութիւնը։

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Սարգիս Կիրակոսեան թարգմանութիւն բառին փոխարէն յարմար նկատեց օգտագործել հայացում բառը, քանի որ թարգմանութիւն կը նշանակէ ստեղծագործական, բնագիրի վերստեղծում երկրորդ լեզուի մէջ։ «Բայց թարգմանութիւնը միայն բառացի փոխադրումը պիտի չըլլայ, այլ թարգմանիչը պիտի հօրեղբայրանայ այն բնագիրին հեղինակին հետ, որուն գործը կը փոխադրէ մեր լեզուով», հաստատեց Կիրակոսեան։ Ան խոստովանեցաւ, որ թէեւ աւելի քան 40 տարիէ կը թարգմանէ արձակ, թատերախաղ, բայց աւելի հարազատ կը զգայ, երբ բանաստեղծութիւնը «կը վերաբանաստեղծականացնէ» հայերէնով։ Խօսելով ապագայ ծրագիրներուն մասին՝ ան յայտնեց, որ ներկայիս կþամբողջացնէ արաբական ժամանակակից բանաստեղծութեան ժողովածու՝ 30-40 բանաստեղծի գործերով։

Շանթ Մկրտչեան նշեց, որ տողն ու կշռոյթը դարձած են իր ապրելակերպը, թարգմանած է այն գործերը, զորս սիրած է։

Ապա պարգեւատրուողներն ու այլ մտաւորականները ընթերցեցին թարգմանուած կտորներ։

Ելոյթ ունեցան նաեւ Անդրանիկ Սիմոնեանը եւ Արեւշատ Սագեանը։

 

Պոլսոյ «Մարմարա» Օրաթերթի Փոխխմբագիր
Մաքրուհի Յակոբեանի Գիրքի Շնորհահանդէսը

Վերջերս «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահին մէջ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, կայացաւ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի փոխխմբագիր, «Սուրբ Փրկիչ» ամսաթերթի խմբագիր, թարգմանիչ, լրագրող, վաստակաշատ մանկավարժ Մաքրուհի Յակոբեանի «Անվերջակէտ զրոյց՝ մեր գրականութեան երախտաւորներուն հետ» խորագիրով գիրքին շնորհահանդէսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը: Բարձր գնահատելով վաստակաշատ խմբագիրին գործը՝ Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալը նշեց. «Մաքրուհի Յակոբեանի այս աշխատութիւնը նահանջի իւրօրինակ ահազանգ է, նաեւ հանրութեան ուշադրութիւնը անհետացող պոլսահայ սերունդի վրայ բեւեռելու նշանակալի եւ հիմնարար գործ»: Սրապիոնեան աւելցուց, որ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մնայուն կերպով բարձր կը գնահատէ Մաքրուհի Յակոբեանի՝ պոլսահայ համայնքի շնորհաշատ արուեստագէտներուն հայրենիքին մէջ ներկայացնելու ջանքերը: «Շնորհիւ ձեզի նման ազգանուէր հայերու, համոզուած եմ, որ պոլսահայ գրական եւ մշակութային կեանքը կþունենայ արժանի փոխարինողներու սերունդ», եզրափակած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարին տեղակալը:

Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահը անդրադարձաւ համայնքին մէջ հայ մշակոյթը տարածելու իմաստով Մարքուհի Յակոբեանի յատուկ ու շնորհակալ ջանքերուն:

Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան առանձնացուց խմբագիր Մաքրուհի Յակոբեանի արեւմտահայերէնի բացառիկ իմացութիւնը: Հայերէնի վտանգուած այս ճիւղով լոյս տեսած հարցազրոյցներու ժողովածուն, որ նախ եւ առաջ համայնքի եւ այնտեղ ապրած մարդոց կեանքի վաւերագրութիւնն է, փաստագրական լուրջ արժէք է հետագայ ուսումնասիրողներուն համար:

Բարձր գնահատելով հեղինակին նուիրումը եւ հաւատարմութիւնը խմբագիրին կոչումին եւ հայ գրականութեան նկատմամբ՝ Ա. Գէորգեան Մ. Յակոբեանը պարգեւատրեց Հայաստանի Լրագրողներու միութեան մետալով:

Խ. Աբովեանի անուան ԵՊՄՀ Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեան նշեց, որ «Անվերջակէտ զրոյց…»-ով Մ. Յակոբեանը կþամբողջացնէ Պոլսոյ մէջ ստեղծուած 50 տարիներու ստեղծագործական վաստակը:

Նշենք, որ հանդիսութեան գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ Պոլսոյ «Սահակեան» երգչախումբը` խմբավարութեամբ Սեւան Ակօշեանի:

 

«ՎիվասելԷմ.Թի.Էս.»- ը Եւ «Սինոփսիս Արմենիա»-ն Կը Շարունակեն
Համագործակցիլ՝
Հայաստանի Աշխատանքային Շուկային Արտադրութեանը
Պատրաստ
Շրջանաւարտներ Տրամադրելու Ուղղութեամբ

Սինոփսիս Արմենիա»-ի «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ  Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ բացումը կատարուած է կրթական նոր գիտաշխատանոցի: Հայաստանի հեռահաղորդակցութեան առաջատար ընկերութիւնը՝ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը  մօտաւորապէս 31 միլիոն դրամ յատկացուցած է Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային՝ «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնին մէջ կրթական ժամանակակից երրորդ գիտաշխատանոց ստեղծելու համար: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի ներդրած նիւթական աջակցութեան շնորհիւ, լսարանային տարածքը համապատասխանեցուած է արդի ուսումնական պահանջներուն եւ չափանիշերուն: Լսարանը ապահովուած է համակարգիչով: Յատկացուած են նաեւ ամպիոնի դասախօսական կազմի աշխատավարձը եւ այլ վճարները:

2011-ին կողմերը եռակողմ համաձայնագիր ստորագրած էին  կրթական միատեղ ծրագրի ստեղծման մասին՝ ուղղուած տնտեսագիտական ոլորտի մասնագէտներ պատրաստելուն: Երեք տարուան ընթացքին ստեղծուած է կրթական երեք տարրալուծարան, որուն համար «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը ներդրած է մօտաւորապէս 74 միլիոն դրամ: «Սինոփսիս Արմենիա»-ն Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային անվճար հիմունքներով տրամադրած է ելեկտրոնային նախագծման ուսումնական փաթեթի հաւաստագրեր, համապարփակ ուսումնական նիւթեր, ինչպէս նաեւ ամպիոնի դասախօսական կազմի վերապատրաստում:

«Կրթութիւնը այն ոլորտն է, որուն զարգացման համար անհրաժեշտ են լաւ հաշուարկուած եւ նպատակաուղղուած ծրագրեր: Այստեղ ներդրուած միջոցները հիմնականօրէն արդիւնք պիտի տան ոչ թէ անմիջապէս, այլ՝ տարիներ ետք: Անոնք, սակայն, անգնահատելի են եւ չափազանց կարեւոր՝ երկրի ապագան կանխորոշելու հարցին մէջ: Մենք ձգտած ենք ստեղծելու այնպիսի պայմաններ, որոնք մասնագիտացման ճանապարհին թոյլ պիտի տան ուսանողին ապահովելու յաջողելու հաւանականութիւնը եւ իբրեւ մասնագէտի անոր լիարժէք կայացումը: Ժամանակակից գիտաշխատանոցները կրնան նորովի բացայայտել ուսանողին ձիրքերը՝ կրթութիւնը դարձնելով առաւել գրաւիչ եւ արդիւնաւէտ», նշած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Համալսարանի արտադրութիւն համագործակցութեան կրթական այս ձեւի կիրարկումը արդարացուած է: Ան կարելիութիւն կþընձեռէ ունենալու արտադրութեան պատրաստ շրջանաւարտներ, որոնք համապատասխան գիտելիքներ եւ ունակութիւններ ունին՝ արդիւնաւէտ ցուցանիշ ապահովելու համար: «Սինոփսիս Արմենիա»-ի կողմէ իրականացուող կրթական ձեւին համաձայն, պսակաւորի ծրագրի երկրորդ տարուան աւարտին բարձր յառաջադիմութեամբ ուսանողները մրցութային կարգով կþընդգրկուին ծրագրին մէջ: Ընտրութիւնը կը կատարուի «Սինոփսիս»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի մասնագէտներու եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային դասախօսերուն կողմէ: «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային  սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնի պսակաւոր կրթական ծրագիրը այս տարի պիտի տայ իր առաջին շրջանաւարտներուն: Պսակաւոր կրթական ծրագիրը աւարտած լաւագոյն ուսանողները այժմ կարելիութիւն ունին  ուսումնառութիւնը շարունակելու ամպիոնի մագիստրոսութեան բաժանմունքին մէջ։

«Տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտի զարգացման գերկարեւոր նախապայմանն է՝ բարձրորակ եւ ժամանակակից պահանջները բաւարարող մասնագէտներուն առկայութիւնը»,  յայտնած է «Սինոփսիս Արմենիա»-ի տնօրէն Յովիկ Մուսայելեանը: «Այս ծրագիրը ոլորտին մէջ տեսական գերժամանակակից գիտելիքներով եւ գործնական հմտութիւններով զինուած մասնագէտներու պատրաստման համար եռակողմ համագործակցութեան փայլուն օրինակն է»:

«Միքրոելեկտրոնային  սխեմաներ եւ համակարգեր» ամպիոնը աւելի մեծ կարելիութիւն ստացաւ  աւելի բարելաւելու «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային սխեմաներ եւ համակարգեր» մասնագիտացմամբ ուսանողներու մասնագիտական որակներու բարձրացումը», ըսած է Հայաստանի գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, «Սինոփսիս Արմենիա»-ի ուսումնական բաժանմունքի տնօրէն եւ Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիային՝ «Կապի միջոցներու միքրոելեկտրոնային  սխեմաներ եւ համակարգեր»  ամպիոնի վարիչ Վազգէն Մելիքեանը: «Նոր լսարանի բացումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ սկսելու եւ իրագործելու մագիստրոսական ծրագիր նոր մասնագիտութեամբ»:

«Այս  համագործակցութիւնը Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի եւ «Սինոփսիս Արմենիա»-ի, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի հետ մեծապէս կը նպաստէ եւ կþաջակցի Ակադեմիայի պսակաւորի եւ մագիստրոսի կրթական ծրագիրներու բարելաւման՝ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտին մէջ ուսանողներուն առաջարկելով նոր մակարդակի մասնագիտական գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, յատկապէս՝ միքրոելեկտրոնիկայի մասնագիտացման շրջանակներուն մէջ», ըսած է Եւրոպական կրթական տարածաշրջանային ակադեմիայի նախագահ Անդրանիկ Աւետիսեանը:  «Ուսումնառութեան ընթացքին եւ գործնական փորձառութեան ժամանակ ուսանողներուն կարելիութիւն կþընձեռէ կիրարկել գիտելիքները եւ հմտութիւնները իրական նախագիծերու շրջանակներուն մէջ, բան մը, որ նաեւ կը նպաստէ անմիջապէս ուսումնառութեան աւարտէն ետք մասնագիտական աշխատանքը սկսելու»:

 

Երաժշտահաններու Միութեան Նախագահ Ընտրուեցաւ
Արամ
Սաթեանը

Հոկտեմբեր 27-ին Երաժշտահաններու եւ երաժշտագէտներու միութիւնը ընտրեց նոր նախագահ. 43 ձայնով միութեան նախագահ դարձաւ Արամ Սաթեանը:

Միութեան նախագահի միւս թեկնածուն՝ երաժշտահաններու միութիւնը վերջին 22 տարիներուն ղեկավարած Ռոպերտ Ամիրխանեանը ստացաւ 41 ձայն, 2 ձայն ալ անվաւեր ճանչցուեցաւ:

Ինչպէս Երաժշտահաններու միութեան համագումարի ժամանակ, երէկ նոյնպէս մթնոլորտը լարուած էր: Երաժշտահանները հաւաքուած էին առտուընէ. կը վիճէին, ելոյթներ կ’ունենային, նոյնիսկ կը հնչէին վիրաւորական արտայայտութիւններ, քննարկուող հացերու շուրջ միայն օրուան վերջ կարելի եղաւ գալ ընդհանուր յայտարարի եւ ընտրութիւնը սկսաւ 19.30-ին:

Սաթեանի կողմնակիցներուն պահանջով՝ ընտրութենէն ետք քուէները հաշուեցին դահլիճին մէջ՝ բոլոր մասնակիցներուն ներկայութեամբ:

 

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան
Ընդունեց
Պոլսահայ Նկարչուհի Վերժին Շապճեանը

Հոկտեմբեր 14-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց պոլսահայ նկարչուհի Վերժին Շապճեանը:

Հանդիպման ընթացքին նախարարը անուանի նկարչուհիին հետ քննարկեց հայապահպանութեան եւ սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման առնչուող հարցեր:

Հանդիպման աւարտին Վերժին Շապճեան սուրիահայերու հիմնական հարցերու լուծման օժանդակութիւն ցուցաբերելու համար նուիրեց իր հեղինակած «Սանահինի վանքը» կտաւը:

Յայտնենք, որ Վերժին Շապճեան 2011-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալով:

 

Շուշիի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Գորգերու
Թանգարանի
Բացում

Շուշիի արուեստի կեդրոնին մէջ 22 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Գորգերու թանգարանի բացում: Թանգարանը հիմնուած է անձնական նախաձեռնութեամբ՝ Վարդան Ասծատրեանի կողմէ, որ ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի խորհրդականի պաշտօնը կը վարէ:

Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն, թանգարանի հաւաքածոն կը ներառէ 17-րդ դարու աւարտէն մինչեւ 20-րդ դարու սկիզբը երկարող ժամանակահատուածը հիւսուած 250-է աւելի գորգեր, որոնք լաւագոյնս կը ներկայացնեն արցախեան գորգարուեստի առանձնայատկութիւնները:

Թանգարանի ստեղծման նպատակն է մոռացութենէ եւ կործանումէ փրկել արցախեան աւանդական գորգերը եւ գործուածքները, մնայուն ցուցադրութեան միջոցով ներկայացնել արցախեան գորգագործական մշակոյթը՝ այդպիսով նաեւ հակազդելով Ազրպէյճանի կողմէ հետեւողականօրէն իրականացուող հայկական մշակոյթի իւրացման քաղաքականութեան:

Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան միտող այս նախաձեռնութիւնը կարեւոր նկատելով՝ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու Գորգերու թանգարանի գործունէութեան:

 

«Ռեանիմանիա» 5-րդ Միջազգային Գծանկարներու Շարժապատկերի
Փառատօնը
Երեք Օր Պիտի Ներկայացուի Արցախի Մէջ

«Ռեանիմանիա» 5-րդ միջազգային գծանկարներու շարժապատկերի փառատօնը այս տարի բացումը կատարած է «Իմ մայրիկը Ամերիկայի մէջ է եւ ան հանդիպած է Պաֆըլօ Պիլին» համաշխարհային ճանաչում ունեցող ժապաւէնով:

Փառատօնի կազմակերպիչները լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած են, որ 500 ժապաւէն  մասնակցած է՝ 70 երկրէ, իսկ փառատօնին ցուցադրուած է 212-ը: Տեղեկացնենք, որ դատական կազմը բաղկացած է հայ եւ միջազգային մասնագէտներէ:

Փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Վրէժ Քասունի նշած է, որ այս տարի ունին շարք մը անդրանիկ ցուցադրութիւններ: Ծրագիրներու ղեկավար Քրիստինէ Զաքարեան նշած է, որ այս տարի մրցութային ծրագիրներուն մէջ երկու նոր անուանակարգ աւելցած է՝ երաժշտական եւ գծանկարային ժապաւէններ:

 

Հաղորդենք, որ փառատօնին մասնակցած են ազգութեամբ հայ տասը մասնակից։ Երեք ժապաւէն կայ կարճատեւ մրցութային, ինչպէս նաեւ՝ երաժշտական եւ գովազդային ծրագիրներուն մէջ: «Այս տարի երկարատեւ ժապաւէններու ծրագիրը շատ հետաքրքրական է: Բացման ժապաւէնը նախկին Խորհրդային Միութեան երկիրներուն մէջ դեռ չէ ցուցադրուած, այստեղ ցուցադրուեցաւ առաջին անգամ», ըսած է Վ. Քասունի:

Հայաստանեան ծրագիրներու ղեկավար Րաֆֆի Մովսիսեան տեղեկացուցած է, որ նոյեմբեր 1-3 փառատօնը պիտի կայացուի Արցախի մէջ. «Երեք օր շարունակ Ստեփանակերտի մէջ պիտի ներկայացնենք այս տարուան ժապաւէններու լաւագոյն ընտրանին»:

Հաղորդենք, որ փառատօնին մուտքը ազատ է եւ մարդիկ կրնան դիտել այն բոլոր ժապաւէնները, զորս իրենք կը ցանկան: Տեղի պիտի ունենան  նաեւ քննարկումներ, վարպետութեան դասեր: «Կարեւոր է, որ գծանկարներու փառատօնը կը փորձէ կարելի եղած տարբերակներով խթանել շարժապատկերի արտադրութիւնը եւ գծանկարներու ոլորտին մէջ սկսնակներու ներգրաւումը», ընդգծեցին կազմակերպիչները:

Այս տարի «Ռեանիմանիա»-ն կը նշէ իր 5-ամեակը, որ կը համընկնի հայ գծանկարներու արուեստի 75-ամեակին հետ: Յիշեցնենք, որ շարժապատկերի փառատօնը կþիրականացուի Հայաստանի նախագահին աջակցութեամբ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )