Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր՝ Ա. Սէ. Միլան – Լացիօ Ռոմա Եւ Ռէալ Մատրիտ – Սեւիլլա
Իտալիոյ եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան հետաքրքրական շարք մը ճակատումներ։
Բաւական հետաքրքրական ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Ա. Սէ. Միլան – Լացիօ Ռոմա հանդիպումը, թէեւ երկու կազմերը այդքան ալ լաւ դիրքի վրայ չեն գտնուիր։
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ա. Էս. Ռոմա, որ ցարդ անպարտելի միակ խումբն է, վաղը պիտի հիւրընկալէ Քիեւօ Վերոնան։
Ինչ կը վերաբերի Սպանիոյ, դասաւորման 3-րդ դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտ, որ ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, պիտի հիւրընկալէ Սեւիլլան, մինչ Աթլեթիքօ Մատրիտ, հիւրը պիտի ըլլայ Կրանատայի։
Ստորեւ՝ մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը՝ Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ՔԱԼՉԻՕ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Ա. Սէ. Միլան – Լացիօ Ռոմա 21։45
Քալիարի – Պոլոնիա 21։45
Ֆիորենթինա – Նափոլի 21։45
Ճենովա – Փարմա 21։45
Հելաս Վերոնա – Սամտորիա 21։45
Եուվենթուս – Քաթանիա 21։45
Լիվորնօ – Թորինօ 21։45
Սասուոլօ – Ուտինեզէ 21։45
ՎԱՂԸ
Ա. Էս. Ռոմա – Քիեւօ Վերոնա 21։45
ՍՊԱՆԻԱ. 11-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
ԱՅՍՕՐ
Վալենսիա – Ալմերիա 21։00
Ռէալ Վայատոլիտ – Ռէալ Սոսիետատ 21։00
Օսասունա – Ռայօ Վայեքանօ 23։00
Ռէալ Մատրիտ – Սեւիլլա 23։00
ՎԱՂԸ
Կրանատա – Աթլեթիքօ Մատրիտ 21։00
Վիարէալ – Կեթաֆէ 21։00
Աթլեթիքօ Պիլպաօ – Էլչէ 23։00
Ռէալ Պեթիս – Լեվանթէ 23։00

