«Եթէ»… Ե-Թէ
Զ. ԹՈՐԻԿԵԱՆ
Յստակացնելու համար վերնագիրը՝ Վահէ Պէրպէրեանի «Եթէ»-ն ելեկտրականացած «թէ» մըն է, ելեկտրաթէ, կամ պարզումեկին՝ ե-թէ… քայլ պահելու համար արդի առօրեային, ելեկտրականացած ու համակարգչային առօրեային հետ, ուր մարդ էակը ժամեր կը տրամադրէ ե-նամակը ստուգելու, Դիմատետրին հետեւելու կամ Դայլայլիչով կարծիքներ յայտնելու եւ այլ ե-ութիւններ:
«Եթէ»-ն բաւական մը կը տարբերի Վահէին նախկին մենախօսութիւններէն:
Ո՛չ… զուարճացնելու փոխարէն՝ տխրութիւն չէ, որ կը հրամցուի:
Ընդհակառակը, կուշտ ու կուռ կը խնդայ հանդիսատեսը: Ո՛չ ալ ոճի կամ պատրաստութեան գծով տարբերութիւն գոյութիւն ունի: Այլ նիւթն է, որ իւրայատուկ է, եւ այդ նիւթին ընդմէջէն է, որ մենախօսը, գրեթէ երկու ժամ կը տրամադրէ՝ բեմին վրայ մերթ խօսելով, մերթ զրուցելով… եւ միշտ ալ շարժուն վիճակի մէջ:
Եթէ այս մէկը հանդիսատեսը չնկատէ, այդ ալ հաւանաբար նոյնինքն բանախօսին
ներկայութեան պատճառով է: Երկար ու հիւսուած մազեր, ազատամիտ կամ նոյնիսկ «անիշխանական» հագուածք եւ այս անգամ՝ առանց իր մանկութեան հեծիկին… այսպէս է Վահէ Պէրպէրեան մենախօս տիպարը:
«Եթէ»-ին նիւթը՝ անձկութիւնն է, որուն պատմականը կարճ մուտքով մը կը ներկայացուի: Դիւրացնելու համար հանդիսատեսին ունկնդրութիւնը, Վահէ անգլերէն թարգմանութեամբ կը ներկայացնէ բազմաթիւ հայորդիներու համար, այս համեմատաբար քիչ լսուած ու գործածուած բառը՝ «Anxiety»-ն, որ այս գրութեամբ արդէն իսկ ինքզինք կը բացատրէ: Եօթանասունականներու աւարտին, Հոլիվուտի իւրայատուկ տիպարներէն՝ Մել Պրուքս պատրաստած էր ծիծաղաշարժ «High Anxiety» ժապաւէնը: Բառախաղ մը կատարելով, առանց «High»-ութեան, սակայն իր «հայ»-ութեամբ՝ Վահէ կը ներկայացնէ «Anxiety»-ն՝ անձկութիւն-ը:
«Եթէ»-ն յատուկ նիւթ մը արծարծելով՝ երբեք չի մնար սահմանափակ, մանաւանդ որ հանդիսատեսը, մենախօսութեան աւարտին կþենթագիտակցի, թէ ներկայացուած նիւթը՝ անձկութիւն համաճարակը, որքան աւերներ գործած է եւ դեռ ալ կը գործէ:
«Եթէ»-ին մէջ հանդիսատեսը կը զգայ անձկութիւնը ամենայն հարազատութեամբ, յատկապէս երբ մենախօսը կը նկարագրէ, թէ կորսուած երկրորդական ճամբու մը վրայ, կը փորձէ տեղեկութիւններ ստանալ անցորդէ մը, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ ու հարազատութեամբ կը բացատրէ, սակայն ինք իրարու անցած է… բառին բուն իմաստով անձկութեան մէջ է, չի կրնար կեդրոնանալ եւ լաւապէս ըմբռնել գէթ ամէն գնով օժանդակելու տրամադրութիւն ցուցաբերող այդ օտարին, որուն նմանները, ի միջի այլոց, հետզհետէ սկսած են անհետանալ աշխարհ կոչեցեալին մէջէն, եւ ձախն ու աջը, կամ հիւսիսն ու հարաւը կորսնցուցած են իրենց կողմնացոյցի դերը: Նոյնիսկ արդիականացած GPS դրութիւնն անգամ չէ լուծած այս հարցը: Նմանօրինակ տեսարան մը կը ներկայացնէ շատ աւելի աժան եւ անհեթեթ մենախօսական պահեր ստեղծող հանրածանօթ ֆրանսացի Կատ Էլ Մալեհ (ծագումով մարոքցի):
«Եթէ»-ն հազիւ քանի մը անգամ կը գործածուի ամբողջ մենախօսութեան ընթացքին, նոյնինքն մենախօսն ալ այդ մէկը կը հաստատէ, սակայն միշտ ալ շաղկապելով հանդիսատեսը իր մտքին մէջ՝ այն տպաւորութիւնը կþունենայ, թէ բազմիցս գործածուած է այս կարճ շաղկապը:
«Եթէ»-ին ընդմէջէն հանդիսատեսը կը պեղէ իր անմիջական միջավայրի անձկութիւնը՝ անձնական անձկութիւնը, բաղդատելով երբեմնի դրախտային օրերուն:
«Եթէ»-ն նաեւ կը յատկանշուի բառախաղերով: Բառախաղեր, ուր հայագէտ մը հաւանաբար զայրանայ, թէ կարելի չէ տարբեր ուղղագրութեամբ գրուող բառեր բաղդատել ու շաղկապել, սակայն հոս տեղին է հարց տալ, թէ աղաւաղուած չէ՞ մեր ուղղագրութիւնը, եւ այդ «պլեք հիւմըր»-եան ոճով հետեւիլ պատառին, պատառաքաղին ու պատարագին եւ… բաց պատարագին շաղկապման եւ այսպէս, հաւաքաբար անհաւատալի հաւաքոյթ մը կազմակերպել, հնդկահաւի շուրջ, Հաւանայի մէջ:
Այսպէս, «Եթէ»-ն նաեւ ելեկտրականացած «թէ» մըն է, ելեկտրաթէ, կամ ե-թէ, եւ այդ ալ կարելի է բացատրել Վահէին նկարագրած անցեալ դարաշրջանի Առաքելին տիպարով, որ կէս գիշերուան ժամերուն ամենայն համարձակութեամբ կը հնչէ զանգը, իր բարեկամներուն կամ նոյնիսկ անծանօթներուն, որոնք գրկաբաց կþընդունին ու ծխախոտին եւ սուրճին շուրջ կը զրուցեն, սկսելով այսինչ կամ այնինչ դրացիի առօրեայէն մինչեւ այսինչ կամ այնինչ երկրին նախագահական ընտրութիւնները: Այսօր, գոյութիւն չունին նմանօրինակ տիպարներ: Երեկոյեան ժամերուն զանգ մը… եւ կþելեկտրականանայ մթնոլորտը տունէն ներս: Անապահովութեան եւ անվստահութեան նշանները ցոյց տուող արտայայտութիւններ… եւ տասնեակ մը տարիներ առաջ այդ տան բաց դուռը կը մնայ փակ: Այսպէս, բազմիցս կատարուած բառախաղերը շարունակելով՝ Առաքելն ալ վերածուած է առաքեալի… եւ այդ ալ առաքինօրէն, առանց առաքման, անվերադարձ արագիլի մը նման: Նոյնիսկ Վահէին նկարագրած այդ տեսակաւոր վաճառանիշներով ծխախոտները, իրենց յիշատակելի ու տարօրինակ ծրարումներով վերացուած (… բարեբախտաբար) են: Առհասարակ վերցուելու ընթացքի մէջ են նոյնինքն ծխախոտները, որոնք փոխարինուած են ե-ծխախոտներով: Դեռ աւելի՛ն, ծուխն ու գոլորշին ալ ելեկտրականացած են՝ ստեղծելով ե-ապականութիւն։
«Եթէ» այդ բեմին վրայ խնդացող եւ տխրող դիմակն է, որ վար առնուած է, եւ
նոյնիսկ սուգն ու գոյժը՝ անդենականը… մահը, ժպիտով մը կը դիմաւորուի Վահէի առաջնորդութեամբ:
«Եթէ»-ն թէական է…գուցէ նաեւ թէյական: Բազմիցս վիճակագրական տեղեկութիւններու վրայ հիմնուելով՝ մեկնաբանութիւններ կը կատարէ Վահէ Պէրպէրեան, մերկացնելով անընդունելի սովորութիւններ եւ յոռի բարքեր, որոնք ոչ թէ միայն Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) մէջ կը կատարուին, այլ՝ ամէնուրեք եւ դժբախտաբար ազգային բոլոր բնագաւառներէն ներս:
«Եթէ» կարելի ըլլար դարմանել այս ախտը, այդ ժամանակ այլ շաղկապով մը կրնար Վահէն պատրաստել իր յաջորդ մենախօսութիւնը: «Սակայն»… ե-թէ:
Պոսթըն–Մասաչուսեց

