Հայ Գիրի Եւ Դպրութեան Տօնը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Թարգմանչաց տօնը տօնն է հայ գիրի ու դպրութեան, տօնն է Ս. Մեսրոպի եւ Ս. Սահակի եւ անոնց աշակերտութենէն ծնած թարգմանիչներու: Հայ ժողովուրդը ամէն տարի կը նշէ այբուբենի գիւտը եւ Ե. դարու գրական եւ մատենագրական հարուստ վաստակը:

Արդարեւ, ուրբաթ, 25 հոկտեմբեր 2013-ի ատենամարզանքը նուիրուած էր Թարգմանչաց տօնին: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանիս քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 11-րդ դասարանի աշակերտուհի Նայիրի Յակոբեան բացման խօսքով հաստատեց, թէ «Մեսրոպ Մաշտոց հայոց տառերու գիւտով մեզի պարգեւեց բարոյական իրաւունք ու  հնարաւորութիւն, մեզի ընծայեց անկողոպտելի կռուանը մեր ինքնութեան», աշակերտներուն ուշադրութեան յանձնելով, որ միջազգային կազմակերպութիւն մը հայերէնը կը դասէ աշխարհի 364 լեզուներու շարքին 6-րդ ինքնատիպ լեզուն:

Յայտագիրը սկսաւ մանկապարտէզի աշակերտներուն ներկայացուցած գեղեցիկ պատկերով, ուր 38 մանուկներ մարմնաւորեցին մեր այբուբենի 38 զինուորները: Անոնք իրենց անմեղունակ շրթներով երգ նուիրեցին հայ լեզուի գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոցին:

11-րդ դասարանի աշակերտուհի Արինա Թեփիրճեան մեծ ապրումով արտասանեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը: Ապա վարժարանին երգչախումբը ներկայացուց «Մայր լեզու» երգը, խոստանալով միշտ սիրել ու փայփայել հայոց լեզուն, եւ անոր միջոցով պահել մեր ինքնութիւնը:

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց  Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան: Ան նշեց, թէ՝ «հայ գիրերու գիւտով եւ թարգմանչական աշխատանքով Աստուծոյ խօսքը եւ հայ մշակոյթը հանդիպեցան նոյն ուղիին վրայ»: Ան անդրադարձաւ այն դժբախտ երեւոյթին, որ հաւատքը եւ մշակոյթը ներկայիս սկսած է հեռանալ իրարմէ, որովհետեւ նոր մշակոյթը, ներգործուելով համաշխարհայնացման ազդակներէն, հիմնուած է շահագործումի վրայ, ուր կը տիրէ անհատական ինքնութիւնը եւ ոտնակոխուած է հաւաքական մասնակցութիւնը: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց հայ լեզուն դարձնել հաւատքին ու մշակոյթին խօսուն ասոյթը: Վարդապետը իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով, թէ՝ «հայոց լեզուն ծառայած է Աստուծոյ խօսքը թարգմանելու. արդարեւ, մենք կանչուած ենք մշակոյթի, հաւատքի եւ լեզուի յեղափոխութիւն կատարելու, որ կը սկսի մեր տուներէն, դպրոցներէն ու եկեղեցիներէն, եւ ըլլալու մեսրոպեան ուղեգիծին ռահվիրաները»:

«Իմ թանկագին լեզու» խմբային երգով ելոյթ ունեցան Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ:  Բ. եւ Գ. դասարանի աշակերտները խմբային ասմունքով իրենց մանկական շրթունքներով յաւերժական հազար փառք տուին հայ լեզուին: Իսկ 8-րդ դասարանցիները կատարեցին «Այբբենաշունչ» ասմունքը, ուր անոնք հպարտօրէն գովերգեցին հայերէն լեզուն՝ ոսկեղնիկը, զոր նմանցուցին Երեւանի շքեղութեան, շէնութեան ու հայու սրտի տրոփին, եւ շեշտեցին, թէ՝ «այնքան ատեն որ սուրերու եւ հուրերու դէմ անյաղթ կ’ապրի հայ հոգին, պիտի հնչէ հայ լեզուն»:

11-րդ դասարանի խումբ մը աղջիկներ ներկայացուցին հայկական պար մը, որով աւարտեցաւ յայտագրին գեղարուեստական բաժինը:

Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի տնօրէնուհի Ռիթա Պոյաճեան խօսք առնելով՝ ըսաւ. «5-րդ դարուն Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի կատարած հսկայական աշխատանքով անմահացաւ մեր լեզուն, եւ Աստուած մեզի հայերէն խօսեցաւ, ինչպէս ըսաւ մեր պատմահայրը՝ Մովսէս Խորենացին»: Ան շեշտեց, որ այժմ մեր պարտականութիւն է անմահացած պահել մեր լեզուն, ինչ որ կարելի կ’ըլլայ մեր զաւակները հայկական դպրոց եւ հայկական եկեղեցի ղրկելով, եւ զանոնք քաջալերելով խօսելու, գրելու եւ կարդալու հայերէն:

 

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )