ՉԵԼՍԻԻ ՆՈՐ ՄԱՐԶԻՉԻՆ ԱՆՈՒՆԸ ՊԻՏԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԻ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Ռոն Քուրլէյ

Չելսիի գործադիր տնօրէն Ռոն Քուրլէյ երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ակումբի նոր մարզիչին անունը պիտի յայտարարուի յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին:

«Յոյսով ենք, որ 15 օրուան ժամանակամիջոցին կրնանք նշանակել նոր մարզիչ մը, որ պիտի ըլլայ Քարլօ Անչելոթթին փոխարինողը: Ինչ կը վերաբերի կազմին, կը կարծենք, որ յիշատակելի փոփոխութիւններ պիտի չկատարուին, բացի քանի մը նորեկներու ժամանումէն: Մենք մեր առնելիք քայլերը գրեթէ որոշած ենք եւ այժմ կը սպասենք նոր մարզիչին, որ պիտի ըլլայ վերջնական որոշումը տուողը, թէ ո՛վ պէտք է մեկնի եւ ո՛վ պէտք է ըլլայ կազմին միացողը», ըսաւ լոնտոնեան ակումբին գործադիր տնօրէնը:

Share this Article
CATEGORIES