ՎԱԼԵՆՍԻԱ ԻՐ ԿԱԶՄԻՆ ՄԻԱՑՈՒՑ ՓԱՐԵԽՈՆ
ԼԱ ԼԻԿԱյի կազմերէն Վալենսիա յայտարարեց, որ Կեթաֆէէն իր խումբին միացուց սպանացի երիտասարդ միջազգային միջնապահ Տենի Փարեխոն, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց անոր հետ:
22 տարեկան Փարեխօ Ռէալ Մատրիտի կրտսերներու կազմի անդամ եղած է: Ան կարճ ժամանակ մը` 2008-ին, անգլիական կազմերէն Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի հետ ելոյթ ունեցած է, նախքան երկու տարեշրջան Կեթաֆէի մաս կազմելը:
Ըստ սպանական մամուլին, անոր փոխանցումը Վալենսիային արժեց 5 միլիոն եւրօ:
Երկու ակումբներուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին հիմամբ, Վալենսիայի պահեստի բերդապահ Միկել Անխել Մոյա յառաջիկայ տարեշրջանին համար փոխ տրուեցաւ Կեթաֆէի:
Մոյա պիտի փորձէ ըլլալ Կեթաֆէի հիմնական բերդապահ Օսքար Ուսթարիի պաշտօնը ժամանակաւորապէս ստանձնողը, մինչեւ որ ան ապաքինի (վիրաւորուած` Արժանթինի կատարած մէկ մրցումին ընթացքին):


