ԻՆԹԵՐ ՄԻԼԱՆ ՔԱՔԱՅԻ ՀԱՄԱՐ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ 30 ՄԻԼԻՈՆ ԵՒՐՕ

Քաքա

Սպանական «Մարքա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ձեռք ձգելու համար Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Քաքայի ստորագրութիւնը` Ինթեր Միլան սպանական կազմին համար առաջարկած է 30 միլիոն եւրօ:

Շատերու համաձայն, սակայն, պրազիլցիին փոխանցումը իտալական կազմ կրնայ դժուարութիւններու հանդիպիլ` նկատի ունենալով, որ ըստ ոչ հաւաստի աղբիւրներու, Ռէալ Մատրիտ 40 հազար եւրոյէն նուազ պիտի չպահանջէ Քաքայի համար:

Ռէալ Մատրիտ Քաքան իր կազմին միացնելու համար ծախսեց 67 միլիոն եւրօ:

Մայրաքաղաքի կազմին կողմէ հրապարակուած այլ հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը որոշած է 20 միլիոն եւրոյէն նուազ չծախել իր միջնապահը` Լասանա Քասանոն:

Կը կարծուի, որ անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար Եուվենթուս առաջարկած է 13 միլիոն եւրօ:

Share this Article
CATEGORIES