ԷԼԸՆ ՇԻՐԸՐ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԻ ՔԱՐՏԻՖ ՍԻԹԻԻ ՄԱՐԶԻՉ

Էլըն Շիրըր

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Էլըն Շիրըր շատ հաւանաբար նշանակուի Քարտիֆ Սիթիի մարզիչ` այսպիսով յաջորդելով Տէյվ Ճոնզի: Վերջինս նախորդ մայիսին պաշտօնազրկուեցաւ` վեց տարի Ա. դասակարգի ակումբի մարզիչի պաշտօնը վարելէ ետք:

Ճոնզ իր խումբին հետ հասաւ մինչեւ փլէյ-օֆի կիսաւարտականի մրցումները, սակայն պարտուելով չկրցաւ Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր տոմսը ապահովել:

«Պի. Պի. Սի.» կը յայտնէ, որ 40 տարեկան Շիրըրի անունը կու գայ աւելնալու մարզիչներու այն ցանկին վրայ, որոնք թեկնածու են ստանձնելու Քարտիֆի մարզիչի պաշտօնը:

Այդ ցանկին մէջ են` Քրիս Հոճսըն (նախապէս` Նիւքեսըլ), Մալքի Մաքքայ (Ուաթֆորտ), Ռոպերթօ Տի Մաթէօ (նախապէս` Ուեսթ Պրոմուիչ Ալպիըն) եւ սկովտիացի Տերեք Մաքլինես:

Ըստ բրիտանական մամուլին, Շիրըր կը նկատուի գլխաւոր թեկնածուն, սակայն ցարդ ամէն ինչ կը մնայ անորոշ:

Իբրեւ ֆութպոլիստ Սաութհեմփթընի, Պլեքպըրնի եւ Նիւքեսըլի մաս կազմած Շիրըր կը նկատուի Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգին կոլսքորըրը` իր նշանակած 260 կոլերով, իսկ Անգլիոյ ազգային խումբին հետ ան 63 մրցումի ընթացքին նշանակած է 30 կոլ:

2009-ին ութ մրցումի համար Նիւքեսըլի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած Շիրըր չյաջողեցաւ իր կազմը պահել բարձրագոյն դասակարգին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES