ԱՐՍԵՆԱԼ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ ԶԲԱՂԱԾ ԸԼԼԱԼ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐՈՎ

Արսենալի թեքնիք տնօրէն Իվան Կազիտիս իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ կ՛ակնկալէ այս ամրան ընթացքին քանի մը ամիս զբաղած ըլլալ մարզիկներու փոխանցումներով` զօրացնելու համար խումբին շարքերը` նկատի ունենալով, որ անիկա յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով տարեշրջանը աւարտեց առանց տիտղոսի մը տիրանալու:

Լոնտոնեան կազմը նախորդ տարեշրջանին որոշակի յաջողութիւն մը ունեցաւ այն իմաստով, որ անիկա իր դաշտին վրայ պարտութեան մատնեց Պարսելոնայի, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Չելսիի նման զօրաւոր խումբեր:

Սակայն անիկա Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի աւարտականին, պարտուեցաւ Պիրմինկհեմէն, «Չեմփիընզ Լիկ»էն դուրս մնաց (Պարսելոնայէն) եւ «Փրեմիեր Լիկ»ը աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ` 12 կէտով ետ մնալով ախոյեան Մանչեսթըր Եունայթըտէն:

Այս բոլորը նկատի ունենալով Կազիտիս ըսաւ, որ պիտի փորձենք մեր ամէն կարելին ընել` զօրաւոր խումբ մը ունենալու համար:

Ան իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ մերժեց պատասխանել այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ ապագայ պիտի ունենան միջնապահներ Սեսք Ֆապրեկաս եւ Սամիր Նասրի, մանաւանդ որ կը խօսուի, որ անոնք թերեւս այլ կազմերու փոխանցուին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES