ԹԱՐԳՄԱՆՉԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒ ԾԻԱԾԱՆԸ (ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱՐԴԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ)

1960-ական թուականներէն սկսեալ (մասնաւորաբար) գրականութեան ճանապարհին ինքզինք յայտնաբերած եւ Արդի Բանաստեղծութիւն մակդիրով մկրտուած բանաստեղծութիւններու նուիրուած է այս հատորը` «Մայրիներու ծիածանը»: Լիբանանահայ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի երկար տարիներու յարատեւ, պարբերաբար ընդմիջուած աշխատանքին արդիւնքն է 300 էջերէ բաղկացած հատորը, որ կը բովանդակէ լիբանանցի եօթը բանաստեղծներու բազմաթիւ գիրքերէն քաղուած հատընտիր քերթուածներ: Հոն տեղ գրաւած են Եուսեֆ Խալ (ծնած` 1917-ին, Թրիփոլի), Ատոնիս (Ալի Ահմատ Սաաիտ, ծնած` 1930-ին), Ունսի Հաժ (ծնած` 1937-ին), Փոլ Շաւուլ (ծնած` 1945-ին), Ապպաս Պայտուն (ծնած` 1945-ին), Ուատիհ Սաատէ (ծնած` 1947-ին), Շաուքի Ապի Շաքրա (ծնած` 1935-ին):

Հատորը տպուած է Երեւան, 2010-ին, պետական պատուէրով: Գիրքին տողաշարումը կատարուած է Պէյրութ, որուն լոյս ընծայման օժանդակած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Խմբագիրն է Լեւոն Անանեան:

Սարգիս Կիրակոսեանի թարգմանութեամբ լիբանանցի եօթը բանաստեղծներու քերթուածները լոյս տեսած են մասամբ «Բագին» գրական ամսագրին եւ «Ազդակ» օրաթերթի գրական էջերուն մէջ: Ս. Կիրակոսեան մեծ գնահատանքով արտայայտուած է իւրաքանչիւր բանաստեղծի ստեղծագործութեան, վեր կը դասէ իբրեւ նորարար բանաստեղծութիւն` հակադրուելով «աւանդական, քարացած» նկատուած բանաստեղծութեան: Ս. Կիրակոսեան շեշտած է այս պարագան` ձեւով մը կը քննադատէ անցնող դարերուն ստեղծուած քերթողութեան «նկարագիրը» կամ իր ժամանակին փառաւորուած բանաստեղծական գրականութիւնը:

Յստակ իրողութիւն մը, թէ իւրաքանչիւր դար կամ ժամանակաշրջան կ՛ունենայ իր յատուկ տրամադրութիւնը` մշակութային թէ գեղարուեստական դաշտին մէջ: Ազդեցութիւններ տարբեր լեզուներով ստեղծագործուած գրականութենէ (գրականութեան պարագային), գիտութեան եւ արուեստի ճանապարհին զարգացած լեզուամտածողութեան դրոշմով ծաղկած, ենթակայական տրամադրութիւններէ բխած նոր մտածումներ, զգացական նոր ապրումներ, նոյնիսկ քաղաքական թէ ընկերային յեղափոխութիւններ եւ եղափոխութիւններ դուռ կը բանան փոփոխութիւններու, որով կը ստեղծուի նորը, նորագոյնը, նորարարութիւնը: Ընդունելի եւ համոզիչ տուեալներ են ասոնք, բայց նոյն ատեն կարելի չէ արհամարհել նախորդ դարերու արուեստները, ստեղծագործական ուղին, որուն կամ որոնց յաջորդները, շարունակողները կը նկատուին նորերը: Այս վերջիններն ալ իրենց կարգին ենթակայ են գնահատուելու, սիրուելու կամ հակառակը: Ճաշակները վիճելի չեն, բայց կը փնտռուի միշտ մարդկայինը, հոգեհարազատը, սիրտին ու միտքին ներդաշնակութեամբ ծնածը, ստեղծուածը:

Ս. Կիրակոսեանի 40 տարիներու աշխատանքին պտուղն է: Ան յարգանք կ՛ընծայէ լիբանանցի արդի բանաստեղծներուն, իրեն համար այս ընտրանին, որոնց բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են բազմաթիւ լեզուներու: Իւրաքանչիւր բանաստեղծի կենսագրական լայն ծանօթութիւնները կը կարդանք Երեւան-Պէյրութ գործակցութեամբ լոյս տեսած այս հատորին մէջ: Ծանօթութենէ աւելի սրտակցութիւն մը` գրականութեան ճամբով, լիբանանեան հայրենիքին մէջ ճառագայթած արուեստի սպասարկուներուն, որոնք բանաստեղծ են եւ մտաւորական, մամուլի նուիրեալ գործիչներ, բազմաբեղուն գրականութիւն արարած գրագէտներ եւ մտածողներ:

Ս. Կիրակոսեան ո՛չ ժամանակ խնայած է, ո՛չ ալ նուիրում` հայ եւ լիբանանցի բանաստեղծներուն միջեւ սիրոյ ճամբորդութիւն մը կատարելու: Ընթերցողին կը մնայ սիրելու, գնահատելու, արտայայտելու իր տեսակէտը այս «Արդի բանաստեղծութեան» փոխանցած նորութիւններուն մասին:

Ըսելու հարկ չկայ եւ անկասկած ճշմարտութիւն է, թէ գրականութիւնը, գրական որեւէ գործ, մանաւանդ բանաստեղծութիւն մը ուրիշ լեզուի մը փոխադրուելու, թարգմանուելու պարագային կը տուժէ առաւել կամ նուազ չափով: Հայերէնի եւ արաբերէնի հմուտ լեզուագէտներու գործն է յայտնաբերել թարգմանչական գործի մը  հարազատութիւնը: Թարգմանութիւն մը կրնայ ըլլալ բառացի կամ մեկնաբանուած ճարտար շարահիւսութեամբ: Սարգիս Կիրակոսեան բանաստեղծ է, ծանօթ է արաբերէն լեզուին, վստահ ենք` ունեցաւ բծախնդրութիւնը ճշգրիտ պատկերը փոխանցելու լիբանանցի բանաստեղծներու արդիական շունչին, լեզուամտածողութեան, հայրենասիրական, մարդասիրական, կեանքին ելեւէջներուն եւ Լիբանան հայրենիքի ժողովուրդին, շինականին հոգեբանութեան թափանցելով արարելու նոր խօսք մը, զոր կոչած ենք ԱՐԴԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Կը շնորհաւորենք մեր գրչեղբայրը, որ հայ գրասէր հասարակութեան ծանօթացուց Լիբանանի գրականութեան ու բանաստեղծութեան պարտէզին գունագեղ ծաղիկները: Կարեւոր աշխատանք մըն է այս մշակութային փոխյարաբերութեան ճանապարհին:

Եօթը բանաստեղծներէն իւրաքանչիւրին քերթուածներուն կամ արձակ բանաստեղծութիւններու այս ժողովածուն համբերատար ու հետեւողական աշխատանք կ՛ենթադրէ: Իւրաքանչիւր բանաստեղծի լուսանկարը զետեղուած է պատշաճ ծանօթագրութիւններով, կենսագրական գիծերով, որոնցմով եւս հայրենակցական մտերմութիւն մը կ՛ունենաք Լիբանանի գրականութիւնը եւ մշակոյթը ծաղկեցուցած այս երախտաւորներուն հետ, որոնք աւելի քան կէս դար մշակոյթ սերմանած եւ քաղաքակրթութիւն քաղած են արժանաւորապէս:

Վա՛րձքդ կատար, Սարգիս Կիրակոսեան:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Share this Article
CATEGORIES