Ճատրակ. Պատնայելի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 70 Երկսեռ Անձեր

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին Պեքաայի Պատնայել գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միօրեայ բաց մրցաշարք մը՝ մասնակցութեամբ 70 երկսեռ խաղացողներու։

Մաշաալ ակումբին նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցած այս բաց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանցի բազմաթիւ անուանի խաղացողներ, որոնց կարգին՝ Ֆատի Իտ, Ֆայսալ Խէյրալլա, Անթուան Քասսիս, Ահմետ Նաժժար, Ապտել Ազիզ Մահմուտ, Ամրօ Ժաուիշ, Իպրահիմ Շահրուր, Նեսիմ Սաքըր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի տարիքային դասակարգերու մէջ ախոյեան հանդիսացած Նանօր Առնելեան, Ճիօ Գալուստ, Քարիմ Համաուի, Մոհամետ Ժաուիշ եւ ուրիշներ։

Առաւելագոյն 7 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով՝ տիտղոսին տիրացաւ Ֆատի Իտ, որ Թայ պրէյքի մրցումին յաղթեց նոյնքան կէտ ապահոված Ֆայսալ Խէյրալլայի։ Երրորդէն հինգերորդ դիրքերը յաջորդաբար գրաւեցին Նեսիմ Սաքըր (6 կէտ), Անթուան Քասսիս եւ Ահմետ Նաժժար (5-ական կէտ)։

Կէսօրէ առաջ ժամը 11։00-ին սկսած այս մրցաշարքը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 19։00–ին, այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը՝ ներկայութեամբ՝ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրիի եւ ֆետերասիոնի անդամներ Հիւսէյն Համմուտի, Ալի Շահրուրի, Նազարէթ Սէօքիւնեանի, Ալի Ժաուիշի եւ Հանի Միքաթիի։

Առաջին հանդիսացողը իր տիտղոսը ստանալէ բացի ստացաւ նաեւ «Էլ. Սի. Տի.» պատկերասփիւռ մը, իսկ երկրորդը՝ 150 ամերիկեան տոլարի պարգեւ մը։

 

Share this Article
CATEGORIES