Մաքսիմ Շաայա Պարգեւատրուեցաւ Իր Հաստատած Աշխարհի Նոր Մրցանիշին Համար

 

 

 

 

 

 

 

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին կատարուեցաւ Շաայայի եւ անոր ընկերակցող երկու անձերուն պարգեւատրումը՝ ներկայութեամբ աւելի քան 200 հրաւիրեալներու։

Լիբանանցի նախկին հեծելանւորդ Շաայա յաջողեցաւ աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատել՝ Հնդկաց ովկիանոսը թիավարելով անցնելով նուազ քան 58 օրուան ընթացքին (երեք անձերով)։

Ան իր այս արկածախնդրութիւնը կոչեց «Ռիօ» պտոյտ։

51 տարեկան Շաայա այդ 58 օրուան ընթացքին կտրեց 6500 քմ՝ իրեն հետ ունենալով դանիացի Լիվար Նիսթիտը (42 տարեկան) եւ անգլիացի Սթիւըրթ Քիրշաոն (33 տարեկան)։

Անոր նաւուն երկարութիւնն էր 8,8 մեթր եւ անունը կը կոչուէր «Թրիօ»։

Այս արկածախնդրութեան եւ աշխարհի նոր մրցանիշի հաստատման վիտէօ-երիզին ցուցադրութենէն ետք, բոլոր ներկաները ծափողջոյններով շնորհաւորեցին Մաքսիմ Շաայան, որ նախապէս երկու առիթներով լիբանանեան մայրիի շքանշանը ստացած է։

 

Share this Article
CATEGORIES