Ճատրակ. Արթուր Գաբրիէլեան Հանդիսացաւ Երկրորդ՝ Տոմպայի Մրցաշարքին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Արթուր Գաբրիէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռուսիոյ Տոմպա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 7 կէտ այլ կրանտմասթըրի՝ Ալեքսանտր Լասթինի (Ռուսիա) հետ։

Թայ-Պրէյքի մրցումին, Գաբրիէլեան պարտուելով գրաւեց 2-րդ դիրքը։

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 ճատրակ խաղացողներ։

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )