Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքա Առաջին՝ Կէտի Մը Առաւելութեամբ
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին դիրքին վրայ գտնուող Սատաքա բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ յաղթական վերադարձաւ Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզադաշտէն, ուր 15-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հալուսիէն։ Հասան Զէյթուն նշանակեց 8 կոլ։
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Սատաքա կէտի մը առաւելութիւնը ունի Պէյրութի դրամատան վրայ, որ 9-3 արդիւնքով յաղթեց «Էյ. Եու. Էս. Թի.»-ին։
Լիբանանեան բանակը, որ այժմ կը գրաւէ 3-րդ դիրքը, 7-3 արդիւնքով յաղթեց Ռապիհի։
Այսօր Սատաքա, որ պիտի հիւրընկալէ Պէյրութի դրամատունը, պիտի փորձէ երթին անկէ իր կրած պարտութեան վրէժը լուծել (4-3)։
Այս մրցումը պիտի ըլլայ կարեւոր՝ նկատի ունենալով, որ անոր արդիւնքը պիտի վճռէ, թէ ո՛վ պիտի գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը, նախքան ֆայնըլ-էյթի մրցումներուն սկսիլը։
Ստորեւ՝ դասաւորումը.
ՄՐՑ. ԿԷՏ
1.- Սատաքա 20 55
2.- Պէյրութի դրամատուն 20 54
3.- Լիբանանեան բանակ 20 49
4.- Ղըպէյրի 20 37
5.- Սեն Ժոզեֆ 20 34
6.- Շուէյֆաթ 20 31
7.- Թրիփոլի Ֆայհա 20 23
8.- «Էյ. Եու. Էս. Թի.» 20 22
9.- Հարեթ Հըրէյք 20 15
10.- «Էյ. Եու. Սի. Ի.» 20 13
11.- Ռապիհ 20 11
12.- Հալուսիէ 20 4