Հալէպահայութիւնը Արժանաւորապէս Կը Տօնէ ՀՄԸՄ-ի Հիմնադրութեան 95-ամեակը
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ ազգասիրութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումներով մղուած, հալէպահայութիւնը կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2013-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Գէորգ Եսայեան» սրահին (Սուլէյմանիէ, Հալէպ) մէջ ներկայ գտնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան: Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի պետական վարչութեան եւ հրատարակչական յանձնախումբին:
Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ սուրիական եւ հայկական քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան հրաւիրուեցան յոտնկայս յարգելու ՀՄԸՄ-ի ննջեցեալներուն եւ նահատակներուն, ինչպէս նաեւ վերջին երկամեային Սուրիոյ մէջ ինկած տեղացի թէ հայ զոհերուն անմար յիշատակը:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Րաֆֆի Սիւլահեան, ապա յաջորդաբար ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի պատմութիւնը սահիկներու միջոցով, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ «Բերիոյ նիուզ» նաեւ կը նշէ, որ տօնակատարութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը: Բանախօսեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի պետական վարչութեան ատենապետ Պօղոս Պալիոզեան:
ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան ընթացքին բեմ հրաւիրուեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան՝ տալու իր հայրական օրհնութիւնը:
Հանդիսութեան աւարտին ազգային եւ յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցան երգիչներ Գէորգ Գատեհճեան եւ Մհեր Մինասեան՝ խանդավառելով հանդիսատեսները:
Դամասկահայ Երգիչ Սեդրակ Օվիկեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
«Բերիոյ նիուզ» նաեւ հաղորդեց, որ երէկ՝ երեքշաբթի, 29 հոկտեմբեր 2013-ին, իր մահկանացուն կնքեց հանրածանօթ դամասկահայ երգիչ Սեդրակ Օվիկեան:
Սեդրակ Օվիկեան ծնած է 1951-ին, ունեցած է երաժշտական բեղուն կեանք, ելոյթներ ունեցած է հայկական զանազան գաղութներու մէջ: Անձնական ելոյթներէ զատ ընկերակցած է հայ անուանի երգիչ-երգչուհիներու:
Վէհօրէն գնահատուած Գաղաբարի Կտրիջներ Հ․Մ․Ը․Մ․ի 95 Ամեակը տօնելու առիթիով,Կէցցէկ, եւ ՀՄԸՄ ,Յարատեւ պայքար դէպի
Յաղթանակ Յանուն Ս․Գործին․