Արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան Այցելեց «Ազդակ»
Սփիւռքահայ հանրաճանաչ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեան երէկ այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան ու խմբագրակազմին հետ։
Վահէ Պէպէրեան Լիբանան ժամանած է Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով՝ ներկայացնելու համար «Եթէ» մենաներկայացումը հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-էն սկսեալ, «Յակոբ Տէր Մեքոնեան» թատերասրահին մէջ։
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ այսօր՝ չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6։30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի կþունենայ Վահէ Պէրպէրեանի գեղանկարչական ցուցահանդէսին բացումը։
CATEGORIES Գաղութային

