«Ասատի Դերակատարութիւնը Սուրիացիները Կը Ճշդեն» Կ՛ըսէ Իպրապիմի
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի երէկ Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմի հետ իր հանդիպումէն առաջ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի դերակատարութիւնը սուրիացիները իրենք կը ճշդեն, ըստ «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովի արդիւնքներուն»` հերքելով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջանառութեան դրուած այն լուրը, թէ Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ երկրորդական դերակատարութիւն պիտի ունենայ:
Իպրահիմի նշեց, որ «Ժընեւ-2»-ի խորհրդաժողովին մասնակից սուրիական խմբակները պիտի ճշդեն, որ Սուրիոյ մէջ փոխանցման հանգրուանը ո՛վ պիտի ղեկավարէ:
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Իպրահիմիի յայտնած է, որ Սուրիա պիտի մասնակցի «Ժընեւ-2»-ին` մեկնելով իր քաղաքական ապագան ճշդելու եւ ղեկավարները ընտրելու սուրիացի ժողովուրդին մենաշնորհէն եւ արտաքին ամէն տեսակի միջամտութիւններուն մերժումէն:
«Սուրիական Իխպարիյա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հրապարակուած է նախագահական հրամանագիր մը, որուն հիմամբ տնտեսական հարցերով փոխվարչապետ Քատրի Ժամիլ ազատ կը կացուցուի իր պաշտօնէն` նշելով, որ այդ որոշումին պատճառը առանց արտօնութեան իր աշխատավայրէն բացակայիլն ու իր պարտականութեան տէր չկանգնիլն է:
Ժամիլ յայտարարեց, որ ինք այդ առնչութեամբ տեղեկութիւն չունի:
ՄԱԿ-էն աղբիւր մը «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ասատ վաղը Իպրահիմիի հետ հանդիպումի սկզբունքային ժամադրութիւն մը ճշդած է: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ այդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, եթէ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետ Իպրահիմիի քննարկումները յաջող ընթանան:
Նշենք, որ «Սքայ Նիուզ» երէկ հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Քիմիական զէնքի տարածման արգիլման կազմակերպութեան Սուրիոյ վերաբերեալ զեկուցումը յանձնած է Ապահովութեան խորհուրդին:

