Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր Ճաքարթայի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ճոանա Ազզիէն իմացաւ, որ Ինտոնեզիոյ ծովամոյն նաւուն 33 լիբանանցի զոհերուն դիակները հինգշաբթի, 31 հոկտեմբեր 2013-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին պիտի հասնին Լիբանան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած հարցերը մեծաւ մասամբ Սուրիայէն ներածուած են` աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքի մը մասին համաձայնութիւնը քաղաքական համախոհութեան կարիքը ունի:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական ուժերը համախմբող նոր կառավարութիւն մը եւ կամ աշխուժացնելու ընթացիկ հարցերու կառավարութիւնը:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երկուշաբթի, 4 նոյեմբերը յայտարարեց Իսլամական նոր տարի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի Պապ Թըպպաննէի զինեալները կը միասնականացնէ «Թրիփոլիի ազատականներ» անուանումին տակ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ եթէ Միջին Արեւելքի մէջ մէկ միլիոն զոհ արձանագրուի, Սուրիան կարելի պիտի չըլլայ տապալել: Ուահապ շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիան է Սուրիոյ մէջ սուրիացիներուն դէմ պատերազմողը:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը վտանգաւոր է եւ կարելի չէ այս թափով շարունակել:

ԲԱՆԱԿԻ հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ուալիտ Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի երէկ կոչ ուղղեց յանդուգն որոշումներ տալու եւ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն կազմելու, ինչ որ ալ ըլլայ նման կառավարութիւն մը կազմելու գինը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆիէն, կը գրէ, թէ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի մեղսակցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` զինք առանձինն դուրս բերելու համար պետութեան կառոյցէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն հետ վերականգնած է իր դաշինքները` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ցուցմունքներուն հիման վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի վարուելակերպը լրջութիւն չի դրսեւորեր:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կը վստահին Արեւմուտքին, Իսրայէլին եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ժիհատ Սամատ շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը կը պատկանի Սէուտական Արաբիոյ եւ Հարիրի ընտանիքին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ հրաժարեալ կառավարութիւնը պէտք է հիւսիսային Լիբանանը զինուորական գօտի յայտարարէ:

ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան նախագահ Ապտել Ռահիմ Մրատ կոչ ուղղեց կազմելու կառավարութիւն մը եւ վաւերացնելու ընտրական արդար օրէնք մը, որ ծնունդ կու տայ երկրին ապահովական կայունութեան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի պատասխանատուներէն Մուսթաֆա Ալլուշ ընդգծեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը անհրաժեշտ է` Լիբանանի ապահովական կայունութեան համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES