Միքաթի Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Իպրահիմիի Լիբանան Այցելութեան Նախապատրաստութիւնները
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապի լուծման հարցով միջազգային պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի Լիբանան կատարելիք այսօրուան այցելութեան նախապատրաստութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Թրիփոլիի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր փոխանցած իր մտահոգութիւնը` Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն համար:
Փլամպլի բարձր գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն ի գործ դրած ջանքերը` ընդգծելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ Լիբանանի չէզոք կեցուածքին կառչած մնալը, ինչպէս նաեւ ազգային երկխօսութեան վերսկսելու կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով Լախտար Իպրահիմիի Լիբանան այցելութեան` Փլամպլի յայտնեց, որ Իպրահիմիի գրասենեակը կրնայ այդ այցելութեան մասին մանրամասնութիւններ հաղորդել:
Պատասխանելով Սուրիոյ քիմիական նիւթերը Լիբանանի մէջ թաղելու մասին հարցումի մը` Փլամպլի հաստատեց, որ նման բան գոյութիւն չունի:
Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին, որ հրաժարեալ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միքաթիի այցելեցին նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր եւ Ժողովրդավարական բարեկարգում շարժումի նախագահ Քամիլ Զիատէ:
Միւս կողմէ, Միքաթի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին, Իսլամական նոր տարուան առիթով պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
ՆՇԵՆՔ, որ երեկոյեան Միքաթի ընդունեց Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Թրիփոլիի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ապահովական ծրագիրին գործադրութեան մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի հաստատեց, որ ինք կը շարունակէ հետեւիլ Թրիփոլիի մզկիթները թիրախ դարձուցած պայթումներուն հետաքննութեան` ձերբակալելու եւ դատական իշխանութեան փոխանցելու համար բոլոր յանցագործներն ու մեղսակիցները: