Վ. Սապունճեան Շնորհաւորեց Ճարտարարուեստի Լիբանանցի Սեփականատէրերը Եւ Ընդգծեց Ժետտայի Ցուցահանդէսին Լիբանանի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ շնորհաւորեց ճարտարարուեստի արդիւնաբերութեան արտածումին համեմատութեան արձանագրած աճը, որ 7 առ հարիւր է, երբ օգոստոս 2012-ի արդիւնքները կը բաղդատուին օգոստոս 2013-ի արդիւնքներուն հետ:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ «այս իրականութիւնը արժանի կը դարձնէ, որ մենք շնորհաւորենք ճարտարարուեստի լիբանանցի սեփականատէրերը, որոնք կ՛աշխատին յաջողութեամբ եւ վարպետութեամբ դիմագրաւելու իրենց դէմ ծառացող մարտահրաւէրները»:

Վ. Սապունճեան նշեց նաեւ, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ արդիականացնելու արտածումներուն տեղեկագիրը պատրաստելու հոլովոյթը, որպէսզի անիկա ըլլայ աւելի ամբողջական եւ համապատասխանէ արձանագրուող յառաջդիմութեան:

Միւս կողմէ, Վ. Սապունճեան «Մարքազիէ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ յառաջիկայ ապրիլին Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունենալիք «Ժետտայի մէջ Լիբանանի շաբաթ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին Լիբանանի մասնակցութեան:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ այս ցուցահանդէսին մասնակցութիւնը առիթ կու տայ լիբանանեան արտադրութիւնները ներկայացնելու կարեւոր շուկաներու, «իսկ Միջին Արեւելքի մէջ սէուտական շուկաները կարեւորագոյն շուկաներն են», աւելցուց ան:

Վ. Սապունճեան շեշտեց նաեւ, որ ճարտարարուեստի նախարարութիւնը պատրաստ է օժանդակելու լիբանանեան արդիւնաբերող այն ընկերութիւններուն, որոնք նիւթական բաւարար միջոցներ չունին` մասնակցելու այդ ցուցահանդէսին:

Share this Article
CATEGORIES