Ապպաս. «Առեւանգուած Եպիսկոպոսներուն Գտնուած Վայրը Յստակ Է, Եւ Սկսած Ենք Ուղղակի Բանակցիլ Առեւանգողներուն Հետ»

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան սպաներուն հետ` զանոնք տեղեակ պահելու երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւններուն մասին:

Հանդիպումին ընթացքին Ապպաս մերժեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան հասցէին կատարուած քննադատութիւնները` ընդգծելով, որ ան կը գործադրէ իրեն համար սահմանուած օրէնքներն ու իրաւասութիւնները:

Միւս կողմէ, Ապպաս Իպրահիմ բացայայտեց, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներ Պուլոս Եազիժիի եւ Եուհաննա Իպրահիմի գտնուած վայրը յստակ է արդէն` աւելցնելով, որ իրենք սկսած են ուղղակի բանակցիլ առեւանգողներուն հետ:

Ապպաս Իպրահիմ հաստատեց, որ իրենց որդեգրած աշխատանքի ուղեգիծը բարի արդիւնքներու պիտի յանգի:

«Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները ամօթալի են բոլորիս համար, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ անմեղ քաղաքացիներ կը զոհուին, իսկ պետութիւնը անկարող կը մնայ այդ իրականութեան դիմաց», ըսաւ ան:

Ապպաս Իպրահիմ մաղթեց, որ Թրիփոլիի ապահովական խախտումները դէպի լիբանանեան այլ շրջաններ չտարածուին:

Share this Article
CATEGORIES