Պըրրի. «Կը Զօրակցինք «Ժընեւ-2» Խորհրդաժողովին Լիբանանի Մասնակցութեան»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուած զարգացումները:
Միւս կողմէ, Պըրրի զօրակցութիւն յայտնեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին Լիբանանի մասնակցութեան` շեշտելով, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ստանձնէ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն պատասխանատուութիւնը:
Պըրրի նշեց, որ ինք չի նախատեսեր, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած բախումները տարածուին նաեւ դէպի լիբանանեան այլ շրջաններ, որովհետեւ լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուները կը գիտակցին, թէ քաղաքական բոլոր ուժերը կը մերժեն Լիբանանը պատերազմի մատնել:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ վարչապետին հրաժարականը անդամալուծած է երկիրը, սկսելով` նախագահութենէն, հասնելով մինչեւ ամէնէն փոքր պաշտօնը: Ան յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը շարունակէ իր օրէնսդրական առաքելութիւնը:
Այս առնչութեամբ Պըրրի իր խօսքը ուղղելով Միքաթիին ըսաւ. «Նոյնիսկ եթէ հայրս իր շիրիմէն դուրս գայ եւ վարչապետի պաշտօն ստանձնէ, ես իմ նոյն համոզումներս եւ քաղաքականութիւնս կը գործադրեմ»: