Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումը Կոչ Ուղղեց Օրէնսդրական Աշխատանքը Զանազանելու Քաղաքական Կողմնակցութիւններէ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն աւարտին համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ անյայտ կորսուածներուն եւ դիտմամբ բանտարկուածներուն թղթածրարները ամբողջական լուծման կը կարօտին:

Քանաան շեշտեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են օրէնսդրական աշխատանքին առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան արտակարգ նիստի մը գումարումին կարեւորութիւնը:

Քանաան հաստատեց, որ կան որոշ ծրագիրներ, որոնք լիբանանցիներուն յոյս կը ներշնչեն եւ կը նկատուին ազգային հարցեր եւ ոչ թէ քաղաքական:

Քանաան նաեւ շեշտեց, որ վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը այսօր խորհրդարանին մէջ պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար երեսփոխանական ընտրութիւններու օրինագիծը եւ փորձելու համար Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերուն արդար ներկայացուցչութիւնը ապահովող օրէնք մը մշակել:

«Կոչ կ՛ուղղենք օրէնսդրական աշխատանքը զանազանելու քաղաքական կողմնակցութիւններէ», ըսաւ Քանաան:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )