Նախագահ Սլէյման Եւ Միքաթի Շեշտեցին Թրիփոլիի Մէջ Ապահովական Ծրագիրին Ամբողջական Գործադրութեան Անհրաժեշտութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան Պաապտայի մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական ներկայ իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ նախագահ Սլէյմանի եւ Միքաթիի ներկայացուց Թրիփոլիի մէջ գործադրուելիք ապահովական ծրագիրին տարբեր հանգրուաններուն մանրամասնութիւնները:
Անոնք շեշտեցին Թրիփոլիի մէջ ապահովական ծրագիրին ամբողջական գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովական կայունութիւնը վերահաստատել եւ քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց կենսոլորտի նախարարի պաշտօնակատար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ պատկանող քիմիական նիւթերը թափելու հարցը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նման կարելիութիւն չկայ` ընդգծելով, որ Լիբանան կը մերժէ նման արարքի գործադրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը, որուն ընկերակցեցաւ Մարոնի ընդարձակ հանդիպումէն բխած յանձնախումբը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Էլի Մարունի, Սիմոն Ապի Ռամիա, Էլի Քէյրուզ, Էլի Աուն եւ հոգեւորականներ:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Սլէյմանի յայտնեց, որ մարոնի պատրիարքութեան կողմէ նշանակուած այս յանձնախումբին պարտականութիւնն է քրիստոնեաներուն եւ անոնց ներկայ կացութեան վերաբերող ազգային հարցեր հետապնդել:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ռոպեր Ղանեմը, Հանրի Հըլուն եւ Անթուան Սաատը, որոնց հետ քննարկեց քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին եւ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի եւ նախկին նախարարներ Թալալ Մերեհպի ու Եուսեֆ Սաատէ: