Բանակը Կը Շարունակէ Իր Դիրքաւորումը Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Մէջ
Լիբանանեան բանակը երէկ շարունակեց իր դիրքաւորումը` Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի շրջակայքը, աւելի ուշ այդ շրջաններուն մէջ եւս դիրքաւորուելու վճռականութեամբ:
Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ եւ Ժապալ Մըհսեն շրջաններուն միջեւ արձանագրուած զինեալ բախումները մէկ շաբթուան ընթացքին պատճառած են 13 զոհեր եւ վիրաւորած 90 ուրիշներ:
Թրիփոլիի զինեալ բախումները, որոնք երէկ համեմատաբար աւելի հանդարտ թափով կ՛ընթանային, առիթ տուին, որ Սուրիա պողոտային վրայ բանակը դիրքաւորուի, ինչպէս նաեւ կարգ մը դպրոցներ ու համալսարաններ վերաբանան իրենց դռները եւ ապահովական ուժերուն հսկողութեան ներքեւ կեանքի նշոյլները վերադառնան քաղաքին:
Բանակին դիրքաւորումին առընթեր, Պապ Թըպպանէի մէջ զինեալներ յարձակեցան Եուսեֆ Ալի Նասեր անունով երիտասարդի մը վրայ, որ Սիր Տըննիէ շրջանէն է:
Զինեալները խոշտանգեցին Նասերը` իմանալէ ետք, որ ան Ղովմի կուսակցութեան անդամ է: Խոշտանգումէն ետք անոնք կրակ բացին Նասերի ոտքերուն:
Ապահովական այս միջադէպին լոյսին տակ, Ղովմի կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան Թրիփոլիի ապահովական խախտումներուն վերջ մը դնելու եւ ամէնէն արագ միջոցին ձերբակալելու Նասերը խոշտանգող յանցագործները:
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկուան իր յայտարարութիւններուն մէջ դրուատեց լիբանանեան բանակին որդեգրած միջոցառումները` մաղթելով, որ անոնք ճիշդ ուղեգիծի վրայ ըլլան:
Հարիրի յայտնեց, որ երբ Թրիփոլիի շրջանները բանակին եւ լիբանանեան ապահովական ուժերուն վստահուին` ապահով ձեռքերու մէջ կ՛ըլլան:
Ան յոյս յայտնեց, որ բանակին որդեգրած քայլերուն շնորհիւ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը վերահաստատուի:
Հարիրի շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը իբրեւ քաղաքական ուժ բոլորէն աւելի կառչած կը մնայ պետութեան եւ բանակին:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ յայտնեց, որ Թրիփոլիի իրաւունքն է ապահովական կայունութիւն ունենալ, ինչպէս լիբանանեան այլ շրջաններ:
Իր կարգին, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը Պապ Թըպպաննէի մէջ դիրքաւորելու նպատակով բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են:

