«Վարչապետը Հաղորդում Տուած Է Յանցագործութեան Մասին» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Հայաստանի Ազգային ժողովի ելեւմտավարկային եւ պիւտճէի հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստին ընթացքին 2014-ի պիւտճէի քննարկման ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ վարչապետին յայտարարութիւնը, թէ գործազուրկներու նպաստներուն համար յատկացուած 94 առ հարիւրը անապահով ընտանիքներուն չէ հասած, յայտարարութիւն է յանցագործութեան մասին: Ան նշեց, որ գործազրկութեան նպաստը նախատեսուած չէ ընկերային առումով անապահով ընտանիքներուն համար, ուստի այստեղ որոշ թիւրիմացութիւն կայ:

Աւելի ուշ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ եթէ խօսքը կը վերաբերի 94 առ հարիւր գումարներու փոշիացման, պետական միջոցներու յափշտակման, ասիկա, ըստ անոր, քրէօրէն պատժելի արարք է եւ բնականաբար համապատասխան իրաւապահ մարմինները պէտք է հարցումներ ուղղեն եւ քրէական գործ յարուցեն:

Անդրադառնալով Սերժ Սարգսեանի 7 առ հարիւր տնտեսական աճի պատուէրի` կառավարութեան կողմէ անտեսման, դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ գործող կառավարութեան նկատմամբ իրենց անվստահութիւնը նոր չէ: Ըստ անոր, նախագահին կողմէ առաջ քշուած ոչ միայն 7 առ հարիւր տնտեսական աճը, այլ նաեւ եկամուտներու բարձրացումը` գնաճին հետ համեմատած, պահպանուած չեն, եւ այս պարագային, ըստ Մինասեանի, թէ ինչո՛ւ պարոն նախագահը այս կառավարութիւնը տուն չ՛ուղարկեր, ինքը պէտք է պատասխանէ: Ան ընդգծեց, որ այս կառավարութիւնը վաղուց պէտք է երթար սուրճ խմելու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայաստանի նախագահը չէ՞ր գնահատած տնտեսական աճին վրայ ազդեցութիւն ունեցող ենթակայական եւ առարկայական գործօնները, Արծուիկ Մինասեան ընդգծեց, որ նախագահին տրամադրուած որեւէ տեղեկատուութիւն պէտք է հիմնուած ըլլայ ողջմիտ հաշուարկներու եւ կանխատեսումներու վրայ: «Եթէ կանխատեսումները սխալ եղած են, ապա պէտք է բացայայտուին մեղաւորները, իսկ եթէ կանխատեսումներուն մէջ կայ այնպիսի վտանգ, որ նկարագրուած է, բայց այդ մասին չի յայտարարուիր, ապա մեղաւորը նախագահն է»:

Անդրադառնալով Մինսքի մէջ Մաքսային միութեան անդամ երկիրներուն` Ռուսիոյ, Պիելոռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահներուն 24 հոկտեմբերին ստորագրած որոշման նախագիծին, որով Հայաստան կը միանայ Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական գօտիին, Մինասեան նշեց, որ ինք մանրամասն ծանօթ չէ այսպիսի փաստաթուղթի, բայց եթէ միայն տարածքային ամբողջականութիւնը սկզբունք կը դրուի` առանց միւս սկզբունքներուն, ատիկա կը նշանակէ, որ Հայաստան նահանջ արձանագրած է միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու` գոնէ այս պահուն դրութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն տեսակէտէն:

Դաշնակցական պատգամաւորը շեշտեց, որ պէտք չէ մտածել, որ Մաքսային միութեան անդամակցելով կամ Եւրոպական միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրով պէտք է լուծել Ղարաբաղի հարցը: Ան նշեց,որ այս պահուն մեզի կը հետաքրքրէ նուազագոյն կորուստը, իսկ ատիկա ներկայ պահուն կրնայ ըլլալ այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը ընկալուի իբրեւ Հայաստանի հետ միասնական տնտեսական տարածք:

Մինասեան համոզուած է, որ եթէ Մաքսային միութեան մէջ ալ հանդիպինք արգելքի մը, ուր Լեռնային Ղարաբաղը կը նկատուի իբրեւ Ազրպէյճանի մաս, յստակ է, որ Հայաստան այնտեղ ընելիք չունի:

Անդրադառնալով Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, թէ Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելուն վերաբերեալ պէտք է հաշուի առնել նաեւ Ազրպէյճանի կարծիքը, Մինասեան հարց տուաւ, որ եթէ այս բաժինով յայտարարութիւն կատարած են, ապա պէտք է հակընդդէմ հայց ուղղուի. «Եթէ դուք կը բանակցիք Հայաստանի հետ, Ազրպէյճան ի՞նչ կապ ունի, եթէ կը բանակցիք Ղարաբաղի հետ, ապա բանակցեցէք Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի հետ, Հայաստան ի՞նչ կապ ունի», ըսաւ ան:

Ըստ Մինասեանի, Մաքսային միութեան անդամակցելէն առաջ տակաւին լուրջ ճամբայ կայ անցնելիք: Ան նշեց, որ տակաւին կանուխ է բացասականը տեսնելու այս հարցին մէջ, եւ կարելի է նոյնիսկ, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ետ կանգնին Մաքսային միութեան անդամակցութենէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )