Ողջակիզումը Ուսումնասիրողները Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Սպիտակ Տան Քաղաքականութենէն Մտահոգուած Են
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթընի Տէյվիտ Վայմանի անուան Ողջակիզումի ուսումնասիրութեան հիմնարկի տնօրէն Ռաֆայէլ Մետոֆ յայտնած է, որ Սպիտակ տունը «գերի» կը պահէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու տառապանքները ներկայացնող գորգը, որ ըստ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Քելվին Քուլիճի, աշխարհի վրայ բարի կամքի հաստատման ամէնօրեայ խորհրդանիշը պէտք է ըլլար:
Հիմնարկի տնօրէնը Միացեալ Նահանգներու մէջ հրապարակուող հրէական «Տը Ալկեմայնըր» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ «գորգը գործած են Ղազիրի որբանոցի չորս հարիւր հայ որբուհիներ եւ 1925-ին նուիրած նախագահ Քելվին Քուլիճի` Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն Միացեալ Նահանգներու ցոյց տուած օգնութեան համար: Ընդունելով նուէրը` Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած էր, որ «գորգը իր պատուաւոր տեղը պիտի ունենայ Սպիտակ տան մէջ, ուր պիտի ըլլայ աշխարհի վրայ բարի կամքի հաստատման ամէնօրեայ խորհրդանիշը»: Ատոր փոխարէն, դժբախտաբար, գորգը կը դառնայ ցեղասպանութեան նկատմամբ տարուող անվայել քաղաքականութեան խորհրդանիշը»:
«Եթէ Օպամայի վարչակազմն ու թրքական կառավարութիւնը շարունակեն իրենց քաղաքականութիւնը, «բանտարկուած» գորգը հաւանաբար, «այդպէս ալ չտեսնէ արեւի լոյսը», կը գրէ հեղինակը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Թէոտոր Ռուզվելթի մտավախութիւնը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ հանդուրժողական վերաբերմունքը ճամբայ պիտի հարթէ նմանատիպ ողբերգութիւններու կրկնութեան:
Ըստ Մետոֆի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ վարուած ամերիկեան քաղաքականութիւնը պէտք է մտահոգէ ոչ միայն ամերիկահայութիւնը, այլ նաեւ արթուն պէտք է պահէ Ամերիկայի մէջ բնակող հրեաները, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը իբրեւ յաղթաթուղթ օգտագործելու Սպիտակ տան քաղաքական նկատառումները կը սպառնան, որ ապագային նման ճակատագիրի արժանանայ Ողջակիզումի յիշատակը:
Քելվին Քուլիճի վարչակազմի տարիներուն գորգը հպարտօրէն եւ հրապարակաւ ցուցադրուած է Սպիտակ տան մէջ: Սակայն նախագահ Պիլ Քլինթընի վարչակազմէն ետք գորգը այլեւս չէ ցուցադրուած: Իսկ անցեալ շաբաթ Սպիտակ տունը, որ նախապէս թոյլատրած էր գորգը ցուցադրութեան հանել Սմիթսոնիըն հիմնարկին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ, առեղծուածային եւ կտրուկ կերպով յայտարարած էր, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող այդ գործը «ներկայ պահուս կարելի չէ տրամադրել» ցուցադրութեան համար: