«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ժխտելու Թուրքերու Ջանքերը Այլեւս Համոզիչ Չեն» Կ՛ ըսէ Քարփաթ

Քեմալ Քարփաթ

«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ թուրք պատմաբան Քեմալ Քարփաթ թրքական «Հապեր7» լրատուական կայքէջի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու թուրքերու փորձերը աշխարհի վրայ այլեւս համոզիչ չեն կրնար երեւիլ:

Թղթակիցը պատմաբանին հետ զրուցած է Պալքանեան պատերազմներու ժամանակաշրջանին պատմական դէպքերու եւ թուրքերու գաղթի մասին: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ 1915-1923-ին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան, զոր անոնք ներկայացուցած են իբրեւ հայերու «տեղահանութիւն»:

Անդրադառնալով լրագրողի այն յիշեցումին, թէ Պալքանեան պատերազմներու ժամանակ թուրքերու գաղթին մասին թուրքերը կը խօսին, իսկ հայերու «տեղահանութեան» մասին` ամբողջ աշխարհը, թուրք պատմաբանը պատմած է իրեն հետ պատահած հետեւեալ դէպքը. «Հայկական հարցին մէջ նոր միտում կը նկատուի: Ինչ ալ ըսենք-չըսենք, նոյնն է` չենք կրնար համոզիչ երեւի՛լ: Քանի մը տարի առաջ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթի թղթակից Սթեֆըն Քինզըրի հետ ճաշելու ժամանակ խօսք եղաւ Հայկական հարցին մասին: Ես անոր հարցուցի բրիտանական փաստաթուղթերուն մէջ հայերու թիւին վերաբերեալ տեղեկութիւններու մասին: Մինչ ես հարցումս կը հարցնէի, Քինզըր անընդհատ կը քմծիծաղէր: Ատով ան ինծի հասկցուց, որ ինչ ալ ընեմ, ինչ ալ խօսիմ, արդէն անիմաստ է»:

88-ամեայ թուրք յայտնի պատմաբան Քեմալ Քարփաթ բազմաթիւ յօդուածներ հրապարակած է օսմանեան շրջանի պատմութեան մասին: Ան իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է արտասահմանի մէջ եւ այժմ կը բնակի Միացեալ Նահանգներ:

 

Share this Article
CATEGORIES