Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը` Երեւանի Մէջ. Հայաստանն Ու Յունաստանը Պիտի Աշխուժացնեն Փոխադարձ Համագործակցութիւնը Ընդլայնելու Ուղղութեամբ Ջանքերը
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարար Տմիթրիս Աւրամոփուլոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց, որ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին պատմամշակութային ամուր հիմքի վրայ խարսխուած հայ-յունական բարեկամական յարաբերութիւնները` բարձր գնահատելով երկկողմանի համագործակցութիւնը քաղաքական, պաշտպանական, զինուորական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին նաեւ միջազգային օրակարգի տարբեր հարցերու շուրջ երկու երկիրներու համանման մօտեցումները եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Անոնք համակարծիք գտնուեցան, որ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ համագործակցութեան ներուժը աւելի է , քան այսօր կ՛օգտագործուի, ինչ որ, ըստ անոնց, կը նշանակէ, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել ջանքերը` երկու կողմերը հետաքրքրող բոլոր մարզերուն մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ երկու երկիրները իրար կապուած են բազմաթիւ պատմական ու մշակութային առնչութիւններով, եւ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ աւանդականօրէն բարեկամ երկրին` Յունաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը եւ ընդլայնումը:
Նալբանդեան աւելցուց, որ ջերմութեամբ կը յիշէ այս տարի Աթէնք կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը եւ հանդիպումը Աւրամոփուլոսի հետ իբրեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար եւ գոհունակութեամբ նշեց, որ այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները արդէն կեանքի կը կոչուին:
Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը ընդգծեց, որ շատ բարձր կը գնահատէ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հայ-յունական միջպետական փոխյարաբերութիւնները:
Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ երկկողմանի քաղաքական եւ զինուորական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հրաւէրով Հայաստան ժամանած Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Օհանեանի հետ, իսկ աւելի ուշ` ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-յունական երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային ապահովութեան առնչուող հարցեր:
Կողմերը բարձր գնահատեցին Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ առկայ համագործակցութեան բարձր մակարդակը, որուն խօսուն վկայութիւնն է գրեթէ ամբողջութեամբ իրականացուած երկկողմանի զինուորական համագործակցութեան 2013 թուականի ծրագիրը եւ Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատարին եւ պաշտպանութեան նախարարին իրար յաջորդած Հայաստան այցելութիւնները:
Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայոց մեծ եղեռնի յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին:
Հայաստանի եւ Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Յունաստանի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ Հայաստան եւ Յունաստան կը սերտացնեն պաշտպանութեան մարզին մէջ առկայ համագործակցութիւնը` նոր էջ բանալով ռազմաքաղաքական յարաբերութիւններուն մէջ: Ան նշեց, որ նախարար Նալբանդեանի Աթէնք այցելութեան ծիրին մէջ նոր պաշտպանական համաձայնագիր պիտի ստորագրուի:



