Երթ Դէպի Նախագահական Նստավայր. «Հրաչ Մուրադեանի Սպանութեան Բացայայտումը Պետութեան Պատիւի Հարցն Է» Ընդգծեցին Ցուցարարները

Երէկ տեղի ունեցաւ «Հրաչ Մուրադեան-արդարութեան պահանջ» հասարակական շարժումին եւ ՀՅԴ անդամներու բողոքի երթ` Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի սպանութիւնը բացայայտելու պահանջով: Երթին մասնակիցները Արամ Խաչատրեանի արձանին քովէն քալեցին դէպի Հայաստանի նախագահի նստավայր` յանձնելու սպանութեան բացայայտման պահանջին վերաբերեալ նամակը:

Իր խօսքին մէջ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ իրենք պիտի շարունակեն ուշադրութեամբ հետեւիլ այս ոճիրի բացայայտման եւ պարբերաբար հանդիպումներ կ՛ունենան ոճիրի բացայայտման առնչուող համապատասխան մարմիններուն հետ: Պատգամաւորը նաեւ յոյս յայտնեց, որ պատկան բոլոր մարմինները ներգրաւուին ոճիրի բացայայտման մէջ:

Մասնակիցները վանկարկեցին տարբեր կարգախօսեր, ինչպէս` «Պարո՛ն նախագահ, կը պահանջենք բացայայտել ձեր մարտական ընկերոջ սպանութիւնը», «Հրաչ Մուրադեանի արիւնը գետին չենք ձգեր», «Կը պահանջենք պատժել սպանութեան պատուիրատուները»:

Այս առիթով նախագահ Սարգսեանին ուղղուած նամակին մէջ կ՛ըսուէր.

Մեծարգո՛յ պարոն Նախագահ, 2013 թուականի ապրիլի 2-ին Պռօշեան համայնքում` գիւղապետարանի առաջ, սպանուեց Արցախեան պատերազմի հերոս, «Մարտական խաչ» երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր, Պռօշեանի գիւղապետ, դաշնակցական Հրաչ Մուրադեանը: Անցել է եօթը ամիս: Նախաքննութիւնը շարունակւում է, եւ այդ անարգ ոճիրը դեռեւս չի բացայայտուել:

«Հերթական անգամ հասարակութեան մէջ թերահաւատութիւն է առաջացել արդարադատութեան հանդէպ: Մտահոգութիւն կայ, որ այս երկար ընթացքում ամբողջական եւ բազմակողմանի քննութիւն չի իրականացուել:

«Նման եզրակացութեան հիմք է տալիս այն, որ նախկինում էլ այստեղ յանցագործութիւններ են կատարուել. 2009 եւ 2010 թուականներին Պռօշեանի գիւղապետարանի վրայ յարձակումներ են եղել, 2010 թուականին գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի եւ իր եղբօրորդու դէմ մահափորձ է կատարուել, 2012 թուականի սեպտեմբերին խուլիկանական յարձակում է եղել: Այդ յանցագործութիւնների չբացայայտումը եւ անպատժելիութիւնը, ի վերջոյ, յանգեցրել են Հրաչ Մուրադեանի սպանութեանը:

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

«Սպանութիւնից յետոյ` 2013 թուականի գիւղապետի ընտրութիւնների ժամանակ, իշխանութեան որոշ շրջանակներ չափազանց աշխուժութիւն դրսեւորեցին. օգտագործուեցին վարչական եւ ֆինանսական լծակները, յստակ ուղղորդուեցին զինծառայողները, եւ պատճառահետեւանքային կապ ստեղծուեց սպանութեան միջոցով գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի վերացման եւ նրա հակառակորդների` ամէն գնով իշխանութեան հասնելու միջեւ: Սրանով ամրապնդուեց նախկին եւ վերջին յանցագործութիւնների փոխկապակցուածութիւնը: Կարծիք կայ, որ այսօր այդ նոյն ուժերը խոչընդոտում են գործի բացայայտմանը:

«Պարո՛ն Նախագահ, պահանջում ենք սպանութեան բացայայտման գործը վերցնել ձեր անմիջական հսկողութեան տակ, ապահովել ամբողջական եւ բազմակողմանի քննութիւն: Վստահ ենք` նախորդ յանցագործութիւնների, յատկապէս` 2010 թուականի մահափորձի բացայայտումը կը յանգեցնի նաեւ «Մարտական խաչի» շքանշանակիր Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան բացայայտմանը:

«Մէկ անգամ եւս շեշտում ենք, որ սա մեր պետութեան պատուի խնդիրն է»:

ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ երկրին նախագահէն կը խնդրեն սպանութեան բացայայտումը իր վերահսկողութեան ներքեւ դնել:

Այնուհետեւ Ռուստամեան մտաւ նախագահական նստավայր եւ նամակը յանձնեց նախագահի ներկայացուցիչին, որ խոստացաւ նամակը անմիջապէս նախագահին յանձնել:

Ռուստամեան յոյս յայտնեց, որ սպանութեան բացայայտման ուղղութեամբ քայլեր կը ձեռնարկուին, ինչպէս նաեւ յայտարարեց, որ այս ցոյցով պիտի չբաւարարուին:

«Այսօրուան մեր երթին նպատակն է նախագահին ներկայացնել մեր մտահոգութիւնները: Հրաչ Մուրադեանի տիպարով է, որ մեր երկիրը երկիր դարձած է, այդ տիպարներուն դէմ ուղղուած էր այդ սպանութիւնը, ոչ թէ Հրաչ Մուրադեանի: Պետութիւնը պէտք է ստանձնէ այսպիսի մարդոց ապահովութիւնը, այլ ոչ թէ խրախուսէ, որ ստահակներու խումբ մը յաջողի այդ տիպարը ոչնչացնել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )