Եւրասիական Համարկման Հարցերով Նիստ` Երեւանի Մէջ

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան երէկ Ռուսիոյ Տումային մէջ հանդիպում ունեցած է Տումայի ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու, հայրենակիցներու եւ Եւրասիական համարկման մնայուն յանձնախումբի նախագահ Լէոնիտ Սլուցքիի հետ:

Ըստ Զաքարեանի, քննարկուած են համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն ձեռք բերուած է նոյեմբերին Երեւանի մէջ կայացնելու երկու յանձնախումբերու միացեալ նիստ եւ քննարկումներ` նուիրուած Եւրասիական տնտեսական տարածքին մէջ համարկումի հոլովոյթներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )