ԹԵՆԻՍ. ՍԵՐԵՆԱ ՈՒԻԼԻԸՄԶ ԴԱՍՈՒԵՑԱՒ 8-ՐԴ` ՈՒԻՄՊԸԼՏԸՆԻ ԿՐԱՆ ՇԼԵՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Երէկ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ տիտղոսակիր Սերենա Ուիլիըմզ դասուեցաւ 8-րդ` այս մրցաշարքին գծով, իսկ անոր քոյրը` Վինըս, դասուեցաւ 24-րդ: Մրցաշարքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթասկիզբին:
13 կրան շլեմի տիտղոսներու տիրացած Սերենա Ուիլիըմզ նախորդ տարի այս մրցաշարքին տիրանալէն ետք կատարած է միայն մէկ մրցում, ընդհանրապէս վիրաւոր ըլլալուն եւ առողջապահական հարցեր ունենալուն պատճառով:
Թիւ 1 դասուած մարզիկն է Քարոլին Վոզնիաքի (Դանիա), իսկ երկրորդ դասուած պելճիքացի Քիմ Քլիսթըրզ երէկ յայտնեց, որ կը քաշուի մրցաշարքէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Տղոց պարագային առաջին դասուած մարզիկն է աշխարհի ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող եւ տիտղոսակիր Ռաֆայէլ Նատալ (Սպանիա): Ապա, անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը կը գրաւեն Նովաք Տիոքովիչ եւ Ռոժէ Ֆետերեր:



