ՃԱՏՐԱԿ. ԱՅՍՕՐ ՋԵՐՄՈՒԿԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ԿԱՐԷՆ ԱՍՐԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ 4-ՐԴ ՅՈՒՇԱՄՐՑԱՇԱՐՔԸ

Կարէն Ասրեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը յայտարարեց, որ այսօր Ջերմուկի մէջ կը սկսի Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի 4-րդ միջազգային մրցաշարքը: Անոր իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 6 երկիրներու 70 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ: Անոնց կարգին են 16 կրանտմասթըրներ: Մրցաշարքը, որ պիտի աւարտի 24 յունիսին, տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական ձեւով, այսինքն` ընդամէնը 9 հանգրուան:

Մրցաշարքին համար ընդհանուր գումար սահմանուած է 15 հազար ամերիկեան տոլար: Տիտղոսին տիրացողը կը ստանայ 3000 ամերիկեան տոլար, իսկ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւողները` յաջորդաբար 2000 եւ 1500 ամերիկեան տոլար:

Յատուկ մրցանակներ սահմանուած են նաեւ մինչեւ 16 տարեկան (աղջիկներ) խաղացողներուն եւ 60 տարեկանէն վեր վեթերան խաղացողներուն համար:

9 հանգրուան ընդգրկող այս մրցաշարքին ամէնէն բարձր դիրքը դասաւորման մէջ կը գրաւէ Արման Փաշիկեան (2643), իսկ երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն ռուսեր Մաքսիմ Թիթով (2634) եւ Եւգենի Կլէյզերով (2600):

Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ մրցաշարքի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:

Մրցաշարքը պիտի աւարտի յառաջիկայ 24 յունիսին:

 

Share this Article
CATEGORIES