ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԸ ԳՈՒԺԵՑ ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՄԱՀԸ

Պօղոս Յովհաննէսեան

Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը գուժեց Պօղոս Յովհաննէսեանի մահը` Լիոնի մէջ (Ֆրանսա): Ան 84 տարեկան էր:

Ֆետերասիոնը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ հանգուցեալին պարագաներուն, որոնք կորսնցուցին այնպիսի անձ մը, որ իր կեանքին մեծամասնութիւնը (70 երկար տարիներ) նուիրեց փինկ փոնկի մարզաշխարհին: Ան մասնակցեցաւ (իբրեւ մարզիչ) բազմաթիւ միջազգային մրցաշարքերու եւ պատրաստեց ախոյեաններ, որոնցմէ կարելի է յիշել Րաֆֆի Մունջողլեանը եւ Մորիս Հաժ Նիքոլան:

1957-1964 տարիներուն ան Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբի պատասխանատու ըլլալով միջազգային գետնի վրայ բարձր պահեց Լիբանանի անունը, որմէ ետք նոր հիմնուած Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին կարեւոր մէկ անդամը հանդիսացաւ:

 

Share this Article
CATEGORIES