ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը ունի աւելի քան 25-ամեայ պատմութիւն, որուն ընթացքին հարիւրաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ, երաժշտական գիտելիքներուն կողքին, Համազգայինի շունչին ներքեւ ծանօթացած են հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան եւ արժէքներուն:
Վստահաբար, նմանօրինակ կառոյցի մը պահպանումը կը կարօտի համապատասխան կազմակերպուածութեան եւ նիւթական գումարներու, որոնց բացակայութեան կարելի չէ ապահովել զարգացում եւ վերելք: Այս շրջագիծին մէջ, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութիւնը որոշած է այսուհետեւ տարեկան հերթականութեամբ կազմակերպել քոլեճի երաժիշտ ուսուցիչներու համերգներ, որոնց հասոյթը ամբողջովին պիտի տրամադրուի կարիքաւոր սաներուն:
Ուստի, կոչ կ՛ուղղենք արուեստասէր եւ արուեստագէտ հասարակութեան` գեղարուեստական բարձրորակ կատարում ունկնդրելու ակնկալութեան զուգահեռ նաեւ նկատի առնելու այս մեկնակէտը եւ քաջալերելու, ինչ որ էական է` պահելու համար քոլեճը եւ յաղթահարելու առկայ բոլոր տեսակի դժուարութիւնները: Յայտնենք, որ համերգը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Երջօ Սամուէլեան- Եռագոյն» սրահին մէջ:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

