ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ ԿԱՐԱՊԵՏ ՊԱՊԱՀԵՔԵԱՆԸ

3 յունիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Անթիլիասի մայրավանքի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Թէքէեան» մշակութային միութեան վաստակաւոր գործիչներէն Կարապետ Պապահեքեանի մեծարանքի հանդիսութիւն:

«Թէքէեան» մշակութային միութեան հիմնադիրներու մարմինին կողմէ խօսք առաւ Արտաւազդ Մելքիսեթեան, որ անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. աթոռին տարած հայապահպանման աշխատանքին` զայն նկատելով սփիւռքահայուն ինքնութեան գոյութեան գլխաւոր յենակներէն մէկը: Այս առիթով ան երախտագիտութեան խօսք փոխանցեց «ազգային մեր այս սրբազան կառոյցին, որ ամբողջ հազարամեակ մը տէր ու տիրական դեր վերցնելով` առաջնորդեց մեր ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածը ու մինչեւ օրս կը շարունակէ վերցնել այդ դերն ու բեռը»:

Մեծարանքի երեկոյին ընթացքին իր հայրապետական պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, որ անդրադարձաւ Կարապետ Պապահեքեանի տարած ազգանուէր գործունէութեան: Ան յիշեց, որ իր առաջնորդութեան տարիներէն ճանչցած է զայն` իր անձնական վկայութիւնը տալով Պապահեքեանի անձին, ղեկավարի յատկանիշներուն եւ մանաւանդ հայրենասէր նկարագիրին մասին: «Աստուծոյ համար մարդը արժէք է: Արժէք կը դառնայ, երբ իր կեանքը ի սպաս կը դնէ մարդոցմէ վեր արժէքներու գանձարանին, որուն կը պատկանին հայրենիքը, եկեղեցին, մշակոյթը, մեր ազգային կեանքին մէջ գործող ու ծառայող կազմակերպութիւնները: Երանի անոր, որ կեանքը կ՛ապրի հաւաքական կեանքին մէջ եւ ի խնդիր հաւաքական, սրբազան եւ յաւերժական արժէքներուն պանծացման», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան աւելցուց, որ Կ. Պապահեքեան այս գիտակցութիւնը ունեցող մարդ մըն է, որ յանուն լիբանանահայութեան հաւաքական շահերուն` ծառայած է Հայ եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:

Պատգամի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս «Կիլիկիեան ասպետ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց Կարապետ Պապահեքեանը, ապա կարդացուեցաւ կաթողիկոսին կոնդակը:

Հանդիսութեան աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց մեծարեալը, որ հաստատեց. «Ես ծառայեցի ազգիս, հայրենիքիս ու միութեանս` կազմակերպութեանց ճամբով: Ծառայեցի անհուն ուրախութեամբ, մեծ սիրով եւ խոր հաւատքով»:

Share this Article
CATEGORIES