Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ընտանեկան կամ ընկերային ձեր պարտականութիւնները իրագործելու պարագային, առանձնաբար որոշում մի՛ տաք, այլ կարծիքը առէք նաեւ ձեր շուրջիններուն: Ինքնագլուխ ըլլալը կը վնասէ ձեր վարկին:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այսօր ուրախ օր մըն է ձեզի համար: Պիտի նախընտրէք ճաշարանի մը մէջ ճաշել կամ բարեկամներով շարժանկարի մը ներկայ ըլլալ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տխուր էք, մելամաղձոտ` առանց որոշ պատճառի: Գտէք ձեր բարեկամները եւ միասնաբար զուարթ մթնոլորտի մէջ անցուցէք ձեր երեկոն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Հեռու մնացէք ցուրտ եւ խոնաւ վայրերէ: Օրուան ջերմութիւնը պահեցէք յարմար զգեստով եւ պայմանաւորեալ օդափոխիչով: Ուշադիր եղէք ձեր առողջութեան:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ դուրսը ճաշելու կամ պտոյտ մը կատարելու որոշում տուած էք, ուշադիր եղէք ձեր քսակին: Շատ մի՛ ծախսէք, որպէսզի չզղջաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մի՛ թերագնահատէք ձեր կարողութիւնը: Դուք ունիք ուժը` մեծ աշխատանքներ իրագործելու: Ստորակայութեան բարդոյթը վանեցէք ձեզմէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Աջ ու ձախ մի՛ խօսիք ձեր ընելիքներուն կամ ուրիշէն իմացած ձեր գիտելիքներուն մասին: Գաղտնիք պահել գիտցէք, ինչ որ կարեւոր է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր տխուր տրամադրութիւնը փոխեցէք, նաեւ` ձեր ժխտական միտքերը: Միացէք ուրախ բարեկամներու, միասնաբար տօնական օր մը ապրեցէք: Մի՛ տրտմիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզի ուղղուած քաջալերական խօսքերը թեթեւի մի՛ առնէք: Անոնք կը զօրացնեն ձեզ եւ կը մղեն յառաջդիմելու: Սկեպտիկ մի՛ ըլլաք, այլ` իմաստուն:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)՚
Երբ ոեւէ մէկուն օգնէք, փոխադարձութիւն մի՛ սպասէք: «Աջին տուածը ձախը չիմանայ», կ՛ըսէ Աւետարանը: Պարզամիտ մնացէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Լաւատես եղէք, կեցուածք մը, որ չի վնասեր: Յոռետեսութիւնը կը վնասէ: Մնացէք ինքնավստահ` ամէն պարագայի: Օրը բարի է:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Չէք կրնար հանդուրժել կեղծիքը, կարգ մը մարդոց կեղծաւորութիւնը: Ձեւացուցէք, թէ ոչինչ հասկցած էք կամ հաւատացած` սուտին, եւ ձեր գլուխը անդին դարձուցէք:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES