50 Տարի Առաջ (31 Հոկտեմբեր 1963)

Տոմսեր

«Մեծ Կեր, Մեծ Մի՛ Խօսիր»

(Կամ Դասեր` Անօթութեան «Փիլիսոփայութենէն»)

Կէս պուրժուա եւ կէս պրոլետար ռամկավար «հայաստանասէր» Արչին մօտեցաւ Չալիին.

– Չալի, շատ բանի կը հաւատայի, սակայն այս մէկուն բնաւ չէի հաւատար: Բնա՛ւ մտքէս չէր անցներ, որ մեր խորհրդային հայրենիքը, որ ամէն վայրկեան վիթխարի քայլեր կ՛առնէ, որ երկինք կ՛երթայ ու կու գայ եւ երկինքի մէջ տեղ կը պատրաստէ նոր մարդը հոն ալ ստեղծելու համար, որ Ամերիկան թաղել խոստացած էր, եւ տապանաքարը արդէն շինուած է կ՛ըսէին. Մոսկուայի մէջ, եւ ահա՛… եկեր մեր հացին կարօտ մնացեր է, մեզմէ ցորեն կը խնդրէ…

– Է՜, աշխարհ է, Արչի, «մեծ կեր, մեծ մի՛ խօսիր» կ՛ըսէին իմաստունները: «Նախ կեր, ապա գոհացիր» կ՛ըսէին մեր պապերը: «Դուն մի՛ նետեր վեր քար, գլխուդ կ՛իջնէ դարվար» կը քարոզէին առակախօսները: Ո՛ր մէկը յիշեմ, որ մխիթարուիս:

– Մխիթարութիւն չկայ: Ըսենք, մասամբ, յանցանքը օդին վրայ բեռցնենք: Անցեալ տարի ձմեռը շատ խիստ էր: Չինաստանի կողմէն շատ վտանգաւոր հովեր փչած են եւ` մեր բերքը փճացուցած: Բայց նորէն մարդ եմ, ու կը խորհիմ. ինչո՞ւ մեր խորհրդային հզօր հայրենիքը, հսկայ հայրենիքը մէկ տարուան բաւելու չափ ցորենի պաշար չունենայ, երբ Ամերիկա ունի երկու տարուան համար պաշար, եւ աշխարհի ամէն կողմն ալ կը ղրկէ, շատ անգամ ձրի ըսուելու չափ ապառիկ: Ինչո՞ւ ռաքեթ մը չունենանք, որ մէկ անգամէն կրնար երկրին օդը փոխել, ցուրտ օդը` տաքի, տաքը` ցուրտի վերածէր, եւ փոխանակ լուսին երթալու` լուսնի պէս կլոր հաց ծախուէր խորհրդային փուռերու  մէջ, ինչո՞ւ, ինչո՞ւ…

– Այս բաները դիւրին փոխուելիք խնդիրներ չեն, Արչի՛, դուն նայէ՛, որ գլուխդ փոխես, եւ ա՛լ յոյսդ կտրես Խրուշչովի խելքէն, ինչպէս ան իր յոյսը կտրեր է Ղազախստանի կոյս հողերէն վիթխարի բերք ստանալու ծրագրէն:

– Ըսել է, որ մեր սիրելի խորհրդային իշխանութիւնը պիտի թաղուի՞: Եւ Ամերիկան պիտի թաղէ՞ մեզ:

– Հոգ մի՛ ըներ, Արչի՛, Ամերիկան մա՛րդ չի թաղեր, այլ կ՛ապրեցնէ ու կը կերակրէ` նոյնիսկ իր թշնամիները. «Աստուած մեծ է», ըսելով: Եւ կը տեսնես, որ իրապէ՛ս Աստուած մեծ է, որ հացի կարօտ կը ձգէ անաստուածը…

Ու անմխիթար «յառաջդիմական» Արչին կու լար…

ԳԻՍԱՒՈՐ

Տոմսեր

«Վիճակագրութիւն Կայ, Ցորեն Չկայ»

(«Անսխալ» Հաշիւներու Տխուր Արդիւնքը)

 

Խորհրդային Միութեան մէջ տեսակ մը մոլութիւն դարձած է «վիճակագրական տուեալներով» եւ «համեմատութիւններով» ներկայացնել ամէն աշխատանք կամ արտադրութիւն:

Այս «վիճակագրութիւններուն» տխուր վիճակը ամէնէն յաջող կերպով կրցած է պատկերացնել նոյնինքն խորհրդային աշխարհի վարչապետը` Խրուշչով, յայտարարելով.

– Վիճակագրութիւն ունինք, սակայն ցորեն չունինք:

Արդարեւ, խորհրդային թերթերը տարիներէ ի վեր կը յորդին «համեմատական վիճակագրութիւններով»` առանց սակայն որեւէ բան բացատրելու:

– Այս տարուան բերքը, նախորդին համեմատութեամբ, 10 տոկոսով բարձրացել է,- կը գրեն խորագէ՜տ խորհրդային վիճակագրողները` առանց «նախորդ»-ին «երեսը» ցոյց տալու:

Ու յանկարծ «Թասս» խորհրդային տեղեկատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Խորհրդային Միութիւնը ցորեն պիտի գնէ Ամերիկայէն…

Մեր խորհրդային հայրենիքը եւս նոյն թափով մասնակցած է վիճակագրական արշաւին…

– Դաշնակցութիւնը թաղուել է մեր երկրում, հարիւր տոկոսով,- կը յայտարարէին կարմիրները քառասուն տարիէ ի վեր: Իսկ այսօր կ՛ընդունին, թէ Դաշնակցութիւնը… բաղադրեալ տոկոսով ներկայ է հայրենիքի կեանքին մէջ, եւ դարձեալ «հարկ է պայքարել նրա դէմ»:

– «Լենինեան նոր ուղիներով քայլում է խորհրդային մարդը դէպի երջանիկ, պատուաւոր կեանք», կ՛աղաղակէին:

Իսկ երբ քիչ մը ազատութիւն տրուեցաւ արտայայտութեան, ամէն կողմէ սկսան գանգատիլ, թէ ժողովուրդին դժբախտութեան պատճառները վիճակագրութիւններու մէջ չեն ներկայացուիր, եւ հաշիւներու մէջ ճշմարտութիւնը «թերակշռուած է»` պետական խանութներու մէջ ծախուած ապրանքներուն նման:

Վիճակագրութիւնները այնքա՜ն կենսական են խորհրդային վարչաձեւին համար, ժողովուրդը «խանդավառելու» նպատակով, որ ոչինչ կը պակսի «հաշիւներէն», ու միշտ «վիճակագրութիւններ» պիտի ըլլան, քանի կայ խորհրդային իշխանութիւնը:

Հոգ չէ՜ սակայն, թէ «ցորեն չկայ», Խրուշչովի յուսահատական ճշդումով իսկ:

Ողջ ըլլայ Ամերիկան:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES