Առողջապահական. Լաւ Քուն` Լաւ Յիշողութիւն

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԴԱՆ

Ամերիկացի հետազօտողներ պարզած են, որ քննութիւններէն առաջ անքուն գիշերներ անցընելու ուսանողներուն մէջ տարածուած սովորութիւնը սխալ է: Անոնց կարծիքով, ստացուած տեղեկութիւնները կ՛իւրացուին եւ կը տարուին յիշողութեան մէջ պարզապէս… քունի ժամանակ:

Փաստօրէն քունը մարդուս անհրաժեշտ է ոչ այնքան հանգիստի, որքան` ստացուած տեղեկութիւնները մշակելու համար: Հետեւաբար գիտնականները խորհուրդ կու տան լաւ քնանալ, եթէ կ՛ուզենք մեր կուտակած տեղեկութիւնները մտապահել:

Մարզենք Մեր Յիշողութիւնը

Մենք յաճախ կը դժգոհինք մեր մոռացկոտութենէն կամ ցրուածութենէն: Սակայն ասոնց դէմ կարելի է պայքարիլ` կիրարկելով ստորեւ յիշուած թելադրանքները:

  • Ժամանակ առ ժամանակ ամէնօրեայ սովորական գործողութիւնները (հագուիլ, լոգնալ, սենեակին մէջ տեղափոխուիլ…) կատարենք փակ աչքերով:
  • Եթէ աջլիկ ենք, թէկուզ քանի մը տող գրենք ձախ ձեռքով եւ` հակառակը:
  • Օրական 2 լիթր հեղուկ խմենք: Գերմանացի գիտնականներու կարծիքով, ջուրը, թէյն ու հիւթերը բարերար ազդեցութիւն ունին յիշողութեան վրայ:
  • Խաչբառ լուծենք կամ օրական մէկ ժամ զբաղինք բառախաղի տեսակով մը:

Եթէ Գլխացաւ Ունենաք

Գլխու ցաւը կարելի է որոշ պարագաներու դարմանել բնական միջոցներով, մանաւանդ եթէ ձեռքի տակ ցաւազրկիչ դեղահատ չունիք:

  • Առէ՛ք 2 սմ. հաստութեամբ կիտրոնի կեղեւ, մաքրեցէք սպիտակ թաղանթաշերտը, թաց կողմը դրէ՛ք քունքերուն եւ որոշ ժամանակ մը պահեցէք: Կարճ ժամանակ մը ետք գլխացաւը կ՛անցնի:
  • Ճակատին եւ քունքերուն թարմ կաղամբի տերեւներ դրէ՛ք եւ լաթով մը փաթթեցէք: Տերեւները նախքան դնելը` գլանով մը ծեծեցէք, որպէսզի հիւթը դուրս տայ:
  • Գետնախնձորի կլոր շերտեր զետեղեցէք ձեր ճակատին վրայ եւ մաքուր լաթով մը ամուր փաթթեցէք. շուտով ցաւը կը չքանայ:

 

Գեղեցկագիտական

Ինչպէ՞u Կանխել Երկրորդ
Կզակի
Յառաջացումը

 

 

 

 

 

 

 

Աշխարհի երեսին 10-ի վրայ մէկ կին ունի երկրորդ կզակի բարդութիւն: Շատեր կը դիմեն գեղեցկագիտական վիրաբուժութեան, մինչդեռ որոշ մարձումներով եւ մարզանքներով եւ հետեւողական սննդականոնով կարելի է եօթանասուն տոկոսով ձերբազատիլ երկրորդ կզակէն:

  • Առտու եւ իրիկուն մարձեցէք ձեր վիզն ու կզակը յատուկ սերով: Մարձումը կատարեցէք վիզէն դէպի կզակ շփումներով:
  • Հաստատուած է, որ նիհարցնող սննդականոնները զգալիօրէն կ՛անհետացնեն երկրորդ կզակը: Պակսեցուցէք իւղի, շաքարի սպառումը, ինչպէս նաեւ` ճաշի ժումերու միջեւ «շատակերութիւնը»:
  • Որպէս մարզանք` ուղիղ ոտքի կեցէք, բարձրացուցէք կզակը: Կտրուկ եւ թեթեւ հարուածներ տուէք վիզին եւ կզակին: Հարուածները կատարեցէք 30-50 անգամ:
  • Որպէս մարզանք` բարձրացուցէք կզակը, լեզուն դուրս հանեցէք եւ փորձեցէք լեզուով շրջանաձեւ շարժումներ կատարել: Վարժութիւնը կատարեցէք առնուազն 3 վայրկեան:
  • Փոխնիփոխ արտասանեցէք «Օ» եւ «Ի» տառերը` չափազանցելով եւ շուրթերու շեշտուած շարժումներով:

 

Ինչպէ՞u Ճիշդ Օծուիլ

Քոքօ Շանել առաջարկած է անուշահոտը քսել մարմնի այն մասին, որ կը ցանկանք, որ համբուրեն:

Մասնագէտներու կարծիքով, անուշահոտը պէտք է քսել ծոծրակին, դաստակին, ականջներուն ետեւ, քանի որ այս մասերուն արիւնատար երակները շատ մակերեսային են եւ բոյրը «աւելի բարձր կը հնչէ»:

Ճարպոտ մորթ ունեցողներուն վրայ բոյրը աւելի երկար կը պահպանուի, քան` չոր մորթ ունեցող մարդոց վրայ:

Որպէսզի անուշահոտը երկար ժամանակ պահպանէ իր թարմութիւնը, խորհուրդ կը տրուի զայն պահել չոր, զով եւ մութ տեղ մը: Արեւի ուղիղ ճառագայթները անուշահոտի գոլորշիացում կը պատճառեն եւ անիկա կը կորսնցնէ իր որակական յատկանիշները:

Օծանելիքով պէտք չէ «լոգնալ», զայն պէտք է օգտագործել քիչ քանակութեամբ, այնպէս, որ զգացուի ափէն մինչեւ նախաբազուկ հեռաւորութեան վրայ:

Կայ հետաքրքրական կարծիք մը, ըստ որուն, եթէ օծուած անձը չի զգար իր անուշահոտին բոյրը, ուրեմն շատ ճիշդ ընտրութիւն մը կատարած է. պէտք չէ տառապի, թէ ինք ինչո՛ւ բոյրը չի զգար, թող հաստատ գիտնայ, որ ուրիշներ շատ լաւ կը զգան զայն:

 

Ստուգենք Մեր Գիտելիքները
Ի՞նչ
Գիտենք Պանիրներուն Մասին

1

Պանիրը պահելու լաւագոյն ձեւը սենեակի ջերմութեամբ ձգելն է:

ՍԽԱԼ, պանիրը պէտք է պահել սառնարանին ամէնէն նուազ պաղ յարկին վրայ: Սենեակի ջերմութեամբ ձգուած պանիրը շուտով կը փճանայ եւ կը բորբոսի:

2

Նախընտրելի է բացուած եւ գործածուած պանիրները պահել կերպընկալ տոպրակներու մէջ:

ՍԽԱԼ, աւելցած պանիրները պէտք է վերստին տեղաւորել իրենց սկզբնական ծրարներուն մէջ, քանի որ վերջինները յատուկ սերտուած եւ շինուած են պանիրը երկար ատեն թարմ պահելու համար:

3

Սեղան բերելէ քառորդ ժամ առաջ պանիրը սառնարանէն պէտք է հանել:

ՍԽԱԼ, սեղան բերելէ ժամ մը առաջ պէտք է պանիրը սառնարանէն հանել, որպէսզի սենեակի ջերմութեան մէջ անիկա իր համն ու բոյրը վերագտնէ:

4

Նախընտրելի է պանիրները շարել եւ հրամցնել մարմարեայ ափսէի մը վրայ:

ՃԻՇԴ, պանիրները պէտք է մարմարեայ ափսէի մը վրայ շարել` ամէնէն մեղմէն ամենազօրաւորը (կովու կաթով պատրաստուածը, ապա` այծի եւ վերջաւորութեան ձգել ռոքֆորը): Փայտեայ ափսէն պանիրներուն խոնաւութիւնը ծծելու անպատեհութիւնը ունի:

5

Երբ եռանկիւնաձեւ պանիր մը հրամցուի ձեզի,  պէտք է զայն կտրել սուր ծայրամասին կողմէ:

ՍԽԱԼ, եռանկիւնաձեւ պանիրը կը կտրուի երկայնքին` պանիրին եռանկիւն ձեւը պահպանելով: Լայնքին կտրելու պարագային, վերջին անձը պարզապէս պիտի արժանանայ համեմատաբար չոր բաժինին:

6

«Քամամպեր» պանիրը բոլոր պանիրներուն մէջէն ամէնէն հարուստն է կիրով:

ՍԽԱԼ, «Էմանթալ»-ը եւ նոյն ընտանիքին պատկանողները շատ աւելի հարուստ են կիրով, քան` մնացեալները:

 

Ձեռային Աշխատանք

Խոշոր Դդումի Օգտագործումը

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս եղանակին շուկան ողողուած է խոշոր դդումով. այսօրուան սիւնակով ձեզի կ՛առաջարկենք 3 հետաքրքրական ձեռային աշխատանքներ` խոշոր դդումը ծաղկամանի, մոմակալի եւ սառամանի վերածելու համար:

Պատրաստութեան համար անհրաժեշտ է խոշոր դդում մը, նախընտրաբար` նարնջագոյն գոյնի, ձեզի կը մնայ որոշել չափը: Նաեւ պէտք ունիք պահածոյի պարապ, թիթեղեայ տուփի մը: Նկարները բաւարար խօսուն են, ուշադիր դիտելով` կրնաք առանց դժուարութեան վերարտադրել զանոնք: Յաջողութիւն:

 

Խոհագիր

Խոշոր Դդումի Ապուր

Բաղադրութիւն

500 կրամ խոշոր դդում, կեղուըուած
2 գետնախնձոր
Կտոր մը կարագ
2 պճեղ սխտոր
Աղ, սեւ փոշի պղպեղ
Որեւէ թարմ խոտ` զարդարանքի համար
10 սանթիլիթր թարմ սեր

Պատրաստութիւն

Կեղուեցէք դդումը եւ կտրտեցէք, նոյնպէս ալ` գետնախնձորները:

Ճնշեփ կաթսային մէջ կտոր մը կարագի մէջ դարձուցէք կտրտուած դդումներն ու գետնախնձորները: Աւելցուցէք սխտորը, աղն ու սեւ համեմը, մինչեւ երեսը ջուրով ծածկեցէք եւ շուրջ 25 վայրկեան եփեցէք:

Հարիչէ անցուցէք եփած բանջարեղէնները, աւելցուցէք թարմ սերը, խառնեցէք եւ անմիջապէս հրամցուցէք:

Կարելի է այս ապուրին կողքին հրամցնել ֆրանսական հացի շերտեր, ինչպէս նաեւ` սխտորով հացեր:

 

Share this Article
CATEGORIES