Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԴԱՆ

Ֆրանսա

Քլոտ Մութաֆեան Եւ Տիգրան Գույումճեան
Պարգեւատրուեցան

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 12 հոկտեմբերին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցաւ «Սատար Ղարաբաղին» միութեան խումբ մը անդամներուն հետ` կազմակերպութեան նախագահ Թամարա Քոչարեան-Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ:

Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր համակարգը «Արմենփրես»-ին տեղեկացուց, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը միացեալ ծրագիրներու իրականացման վերաբերեալ հարցեր: Նախագահ Սահակեան արժեւորեց միութեան գործունէութիւնը քաղաքական եւ բարոյական տեսանկիւններէն:

Նախագահ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալը յանձնեց «Արցախ` հայ մշակոյթի եւ աւանդութիւններու պարտէզ» գիրքի հեղինակներ Քլոտ Մութաֆեանին եւ Տիգրան Գույումճեանին` կարեւոր նկատելով աշխատութեան նշանակութիւնը գիտական եւ մշակութային առումներով:

Հանդիպման ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան, Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան եւ Ֆրանսայի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան:

 

Ալֆորվիլի Մէջ Հայկական Նոր Վարժարան

Ֆրանսայի Ալֆորվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական նոր դպրոցի շինարարութեան մեկնարկի պաշտօնական արարողութիւնը:

Նոր շէնքի կառուցման նախագիծը կը ներկայացնէ 1978-ին հիմնուած եւ ներկայիս գործող Սուրբ Մեսրոպ դպրոցին մէջ, որ աւելի լաւ կը համապատասխանէ նախնական ու միջնակարգ կրթութիւն ջամբելու պահանջներուն: Նախագիծը կը ղեկավարէ, կը ֆինանսաւորէ եւ  կ՛իրականացնէ Ֆրանսայի մէջ Հայկական մշակոյթի զարգացման կազմակերպութիւնը:

 

Վրաստան

Հանդիպում Ամերիկահայ Անուանի Գրականագէտ
Յովսէփ
Նալպանտեանի Հետ

Նախաձեռնութեամբ «Կամուրջ» գրական-մշակութային, հասարակական կազմակերպութեան, 6 հոկտեմբերին վիրահայոց թեմին կից գործող «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` ամերիկահայ գրականագէտ, մատենագէտ, թարգմանիչ, հրապարակախօս, ազգային-մշակութային-հասարակական գործիչ Յովսէփ Նալպանտեանի հետ:

Ձեռնարկի  բացումը կատարեց կեդրոնի համակարգող Լեւոն Չիդիլեան, որ  ներկայացուց օրուան խորհուրդը:

Այնուհետեւ օրուան հանդիսավար Անահիտ Բոստանճեան ներկայացուց Յովսէփ Նալպանտեանին կենսագրական գիծերը եւ ունեցած գործունէութիւնը: Ան կարեւոր նկատեց Նալպանտեանին դերը ամերիկահայ գրականութեան, գրահրատարակչութեան ծիրէն ներս:

Մեսրոպ Մաշտոցի նուիրուած Յովսէփ Նալպանտեանին բանաստեղծութիւնը ներկայացուած գիրքէն կարդաց 104-րդ դպրոցի աշակերտուհի Լիզա Թորոսեանը, որմէ ետք ներկաները  հարցումներ ուղղեցին Նալպանտեանին:

 

Ճափոն

Հայկական Եւ Ճափոնական Երաժշտութեան Համերգ

Վերջերս Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեան հանդիպումներ ունեցաւ Ճափոնի Եամանաշի նահանգի Քոֆուի քաղաքապետին, Եամանաշի նահանգի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի նախագահին եւ նահանգի գործարարներու հետ: Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան ապակեդրոնացուած համագործակցութեան եւ  գործարար ու մշակութային կապերու խթանման վերաբերող հարցեր:

Հոկտեմբեր 20-ին Քոֆու քաղաքին մէջ, նախաձեռնութեամբ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, տեղի ունեցաւ հայկական եւ ճափոնական երաժշտութեան երեկոյ:

Ելոյթ ունեցաւ դեսպան Հրանդ Պօղոսեան, որ նշեց, թէ հայկական եւ ճափոնական հոգեւոր մշակոյթի համադրումը կ՛օգնէ հայ եւ ճափոնցի ժողովուրդին, որ զիրար լաւ ընկալեն եւ ճանչնան:

Համերգին ելոյթ ունեցան երաժիշտներ` Կարէն Իսրայէլեան, Ասուկա Եոշիծակի եւ Եուհէի Ցուչիտա, որոնք կատարեցին Կոմիտասի, ինչպէս նաեւ ճափոնցի երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները: Քոթօ (ճափոնական տաւիղ) նուագարանով կոմիտասեան երաժշտութիւնը Ճափոնի մէջ հնչեց առաջին անգամ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Յովսէփեան Վարժարանի Նորոգուած
Տարրալուծարանի Բացում

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեան վարժարանը օժտուեցաւ նորոգուած եւ արդիականացած տարրալուծարանով մը` շնորհիւ դպրոցի ծնողներէն Ստեփան եւ Մարօ Եագուպեան ամոլին:

Եագուպեան ընտանիքը ճանչցուած է իբրեւ բարերար եւ բարեսիրական աշխատանքներ կատարող ընտանիք, որուն շառաւիղի ներկայացուցիչ բժիշկ Վահէ Եագուպեան անցեալ ապրիլին արժանացաւ «Էլիս Կղզիի» անուան պատուոյ շքանշանին` իր կատարած բարեսիրական եւ մարդասիրական աշխատանքներուն համար:

Տարրալուծարանին բացումը կատարուեցաւ 20 սեպտեմբերին:

 

Վահան Զանոյեանի «Հեռաւոր Մի Տեղ» Վէպին
Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդարանի Հայագիտական ուսմանց բաժանմունքին, «Զոհրապ» տեղեկատուական կեդրոնին եւ Հայ օգնութեան ֆոնտին, վերջերս տեղի ունեցաւ Վահան Զանոյեանի «Հեռաւոր մի տեղ» վէպի քննարկումի եւ մակագրութեան արարողութիւնը: Վէպը կը խօսի Հայաստանի մէջ մարմնավաճառութեան եւ թրաֆիքինկի զգայուն եւ դժուար նիւթերուն մասին:

Վահան Զանոյեան իր ելոյթին մէջ բացատրեց պատմութեան ծագումին եւ գիրքը գրելու իր նպատակին մասին: Մարմնավաճառութեան զոհ դարձած երիտասարդ աղջկան մը պատմութեան կողքին, գիրքը կ՛ընդգծէ նաեւ Հայաստանի ներկայ ընկերային եւ տնտեսական իրականութիւնները:

 

«Կոմիտաս` Հոգեբանական Վերլուծում Մը»
Գիրքի Ներկայացում

 

 

 

 

 

Հոկտեմբեր 5-ին, Նիւ Ճըրզիի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս` հոգեբանական վերլուծում մը» գիրքին ներկայացումը:

Գիրքը գրուած է արեւմտահայերէնով եւ տպուած` դեկտեմբեր 2011-ին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան» հիմնադրամին կողմէ, Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆճեանի խմբագրութեամբ: Այս գործը նաեւ թարգմանուած է արեւելահայերէնի եւ անգլերէնի:

Գիրքը ներկայացուց տոքթ. Մելինէ Գարագաշեան: Ան յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդին համար Կոմիտաս հանճարը ոչ միայն պաշտամունքի առարկայ է, այլ նաեւ` Ցեղասպանութեան խորհրդանիշ:

Աւարտին, շրջանի հովիւ Յովնան Պօզոյեան յուշանուէր մը փոխանցեց դասախօսին:

 

Առաջնորդը Ընդունեց Լիբանանի Գլխաւոր Հիւպատոս
Ճոնի
Իպրահիմի Այցելութիւնը

Հոկտեմբեր 9-ին թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի: Ներկայ եղաւ նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներէն Վահան Պզտիկեան:

Գլխաւոր հիւպատոսը առաջնորդարան եկած էր սրբազանը հրաւիրելու հիւպատոսարանին կողմէ 4 դեկտեմբերին կազմակերպուելիք հանդիպումին, որուն պիտի հրաւիրուին նախկին լիբանանահայեր, որոնք գաղութին մէջ կը վարեն պատասխանատու պաշտօններ, եւ իբրեւ ներկայացուցչական դէմքեր` հանրային ծառայութիւն կը մատուցեն հայ համայնքին:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Լիբանանը յուզող հարցերու շուրջ, որոնք կը շահագրգռեն նաեւ հայ համայնքը: Իպրահիմ ընդհանուր ծանօթութիւններ տուաւ Լիբանանի այժմու իրադարձութեանց մասին, որոնք յաճախ կը կրեն շրջանային զարգացումներու ազդեցութիւնները:  Իրենց կարգին, առաջնորդը եւ Վ. Պզտիկեան խօսեցան Ազգային առաջնորդարանի ծառայական աշխատանքներուն մասին: Խորհրդակցութեան նիւթ դարձան առաջնորդարանի եւ Լիբանանի հիւպատոսարանին միջեւ սերտ գործակցութիւնը, որուն նպաստ կը բերեն նախկին լիբանանահայեր:

Հանդիպումը աւարտեցաւ հաղորդակցութիւնները սերտ ու յաճախակի պահելու համաձայնութեամբ:

 

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի Յանձնախումբի
Տարեկան
Մեծարանքի Հանդիսութիւնը

Հոկտեմբեր 12-ին Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնական շրջանի «Տապըլ Թրի» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած մեծարանքի հանդիսութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանի աղօթքէն ետք օրուան հանդիսավար Անդրանիկ Ղարիպեան ելոյթ ունենալով` յայտնեց, թէ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն գործունէութիւնը  պիտի ծաւալի Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ յատկապէս հատուցման խնդիրներու բարձրացման, ինչպէս նաեւ հատուցում եզրը սահմանելու ուղղութեամբ:

Ֆիլատելֆիոյ նախկին քաղաքապետ եւ Փենսիլվանիոյ կառավարիչ Էտուըրտ Ռենտել խօսք առնելով` յայտնեց, թէ ամէն գնով պէտք է պայքար մղել` կանխելու համար որեւէ ցեղասպանութիւն:

Փենսիլվանիոյ շրջանի քոնկրեսական Փեթրիք Միհըն իր կարգին յայտնեց, թէ պատմութիւնը կարելի չէ կեղծել, եւ յատկապէս 2015-ին պատշաճօրէն պէտք է նշուի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, աւելցնելով, որ մարդկութիւնը պէտք է ամբողջական ու յստակ կերպով ճանչնայ մարդկային սպանդը:

Փենսիլվանիոյ շրջանէն ծերակուտական Տէյլին Լիչ շեշտեց, թէ թուրք-ազերի քարոզչական մեքենան բազմիցս գործի կը լծուի որեւէ հայանպաստ որոշումի դէմ գործելու:

Հայ դատի մօտիկ բարեկամ Ֆրենք Փալոն (Նիւ Ճըրզի) իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ խիստ կարեւոր է նշելը, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս աշխարհասփիւռ Հայ դատի յանձնախումբերու ծաւալուն ու անխոնջ պայքարը նշանակելի հանգրուան մը բոլորած է Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ` հակառակ ամերիկեան եւ արեւմտեան աշխարհի կառավարութեանց ցարդ որդեգրած խուսափողական քաղաքականութեան:

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցաւ բանաստեղծ Աւիկ Տերենց, որ հայերէնով ասմունքեց:

Ապա Քոնկրեսին մէջ հայ-վրացական հարցերու մասնագէտ տոքթ. Լեւոն Աւտոյեան ներկայացուց հանրահռչակ գրագէտ Քրիս Պոհճալեանը, որ նկատել տուաւ, թէ  մէկուկէս տարի մնացած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու եւ ակնածանքով արտայայտուեցաւ Հայ դատի կատարած հետեւողական աշխատանքին առնչութեամբ: Քրիս Պոհճալեան պարգեւատրուեցաւ «Ազատութիւն» շքանշանով:

Արա Չալեան  ներկայացուց աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր Հայ դատին եւ հայութեան համար նուիրուած Զոհրապ Թազեան անձը, որ  ստացաւ «Քարտաշեան» շքանշանը:

ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Սարաճեան իր ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց ամէն գնով շարունակելու աշխատանքը: Ան յայտնեց, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը միակը չէ Արեւմուտքի մէջ. արեւմտեան աւելի քան 25 պետութիւններու խորհրդարաններ պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 

Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Քաղաքապետ
Էրիք
Կարսեթիի Հետ

Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթիի պաշտօնավարման 100-րդ օրուան առիթով Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետին հետ` շնորհակալութիւն յայտնելու անոր տարած աշխատանքին համար:

Կողմերը  որոշեցին նման հանդիպումներ հերթական յաճախականութեամբ կատարել` պահպանելու եւ աւելիով սերտացնելու համար արդէն իսկ սերտ յարաբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին քաղաքապետ Կարսեթիի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին միջեւ:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան շնորհաւորեց պաշտօնավարութեան առաջին հարիւր օրուան ընթացքին քաղաքապետին իրագործումները` մատնանշելով ամերիկահայութեան ու քաղաքապետին միջեւ հաղորդակցութեանց գիծերը բաց պահելու կարեւորութիւնը:

Քննուեցաւ  նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը քաղաքի հայութեան եւ քաղաքապետութեան միջեւ կամուրջ մը վերածելու կարելիութիւնները:

Քաղաքապետ Կարսեթի յայտնեց, որ ինք միշտ սերտ կապեր ունեցած է ամերիկահայ համայնքին եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ եւ վստահաբար գործակցութիւնը պիտի շարունակուի ու անոր շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ բարելաւել Լոս Անճելըսը: Ան նկատել տուաւ, որ կը նպատակադրէ Լոս Անճելըսի իւրաքանչիւր համայնքէ ղեկավարներ յառաջացնել:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES