Քննական Ոսպնեակ. Հայաստանի Հանրապետութեան Իրավիճակը, Սփիւռքահայութիւնը Եւ Անդրազգային Աքթիվիզմը
ՀՐԱԿ Փ.
Եւ ահաւասիկ, «Ազդակ»-ի «Քննական ոսպնեակ» խմբակը, ուսումնասիրական երկար աշխատանքէ ետք, կ՛իրագործէ այս տարուան իր երրորդ ծրագիրը, որուն ընդհանուր նիւթն է «Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման գործընթացներուն սփիւռքի մասնակցութեան կարելիութիւնները»:
Իրերայաջորդ չորս օրերու ընթացքին «Քննական ոսպնեակ» խմբակին անդամները իրենց ուսումնասիրական թէ հրապարակախօսական բնոյթի յօդուածներով լուսարձակի տակ պիտի առնեն «Քաղաքացիական աքթիվիզմ»-ի գաղափարը, Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կայացման անհրաժեշտութիւնը, Հայաստանի քաղաքացիական եւ ընկերային պայքարներուն սփիւռքի մասնակցութեան հեռանկարները եւ յարակից այլ հարցեր: Նշեալ յօդուածներուն ընդմէջէն փորձ կը կատարուի այլընտրանքային դիտանկիւնէ մեկնելով` դիտարկել Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու կարելիութիւնները:
Ներածական
Հայաստանի Հանրապետութեան հետզհետէ աւելի մտահոգիչ դարձող ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, ինչպէս նաեւ հայրենիքի ապրած ժողովրդագրական աղէտին ի տես, երբ մենք` իբրեւ սփիւռքահայեր, մտածենք (եթէ՛ մտածենք), թէ կարելի չէ՛ ձեռնածալ մնալ, թէ պէտք է շարժի՛լ այլեւս, յաճախ կը բախինք մտածումի մը, որ մեզ վարանումի կը մատնէ, որ մեզ կ՛անճրկէ: Խօսքը կը վերաբերի այն մտածումին, որ կ՛ըսէ, թէ հեռակայ կարգով քաղաքական աշխատանք տանիլը, արտասահման նստած` սահմաններէն ներս ընթացող գործընթացներուն վրայ ազդեցութիւն ունենալը ոչ իրապաշտ, նոյնիսկ անկարելի երազներ ըլլալու են… «Քննական ոսպնեակ»-ի այս թիւը, որ իբրեւ նիւթ ունի «Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկարգման եւ ժողովրդավարացման գործընթացներուն սփիւռքի մասնակցութեան կարելիութիւնները», ընթերցողին մօտ կրնար նոյն հակազդեցութիւնը յառաջացնել թերեւս: «Դուրսը նստած` ի՞նչ կրնանք ընել…»: Այս յօդուածը պիտի փորձէ այդ հակազդեցութեան առաջքը առնել եւ գոնէ մասամբ փարատել այն համոզումը, թէ Հայաստանի ներքին քաղաքական հարցերուն մէջ հայկական սփիւռքը ընելիք չունի եւ երբեք չի կրնար ունենալ:
Յօդուածը պիտի անդրադառնայ անդրազգային քաղաքականութեան (Transnational Politics) եւ անդրազգային աքթիվիզմի (Transnational Activism) յղացքներուն, պիտի թուէ զանոնք վարող տարբեր տեսակի դերակատարները եւ անոնց գործելակերպի հիմնական եղանակները: Վերոյիշեալ եզրերու ներկայացման պիտի յաջորդեն նաեւ պատմական օրինակներ: Այս բոլորը` ընթերցողին ցոյց տալու համար, թէ սահմաններ հատող քաղաքականութիւն եւ աքթիվիզմ պատմութեան էջերուն մէջ իրենք զիրենք փաստա՛ծ (եւ ո՛չ անկարելի կամ անիրապաշտ) էութիւններ են արդէն:
Ամփոփելէ ետք վերոյիշեալ եզրերու ընդհանուր ներկայացման բաժինը, յօդուածը կը վերադառնայ հայկական իրականութեան:
Ա.– Անդրազգային Քաղաքականութեան Եւ Անդրազգային Աքթիվիզմի Մասին
Քաղաքական գիտութիւններու մարզին մէջ անդրազգային քաղաքականութեան եւ աքթիվիզմի շուրջ կայ ծաւալուն գրականութիւն: Անդրազգային կը համարուի այն ինչ որ չի սահմանափակուիր ազգ-պետութիւններու սահմաններով, այլ կը շրջանցէ զանոնք:
Թէեւ պետութիւններն ալ կը վարեն անդրազգային քաղաքականութիւն, սակայն այստեղ մեզ կը հետաքրքրեն ոչ պետական դերակատարները, պարզ այն պատճառով, որ հայկական սփիւռքը պետութիւն չէ: Ոչ պետական դերակատարները անդրազգային քաղաքականութեան կամ անդրազգային աքթիվիզմի մէջ յաջողեցան յառաջընթաց արձանագրել, շնորհիւ քսաներորդ դարու արհեստագիտական զարգացումներուն: Արդարեւ, արդի հաղորդակցական միջոցներն ու հետզհետէ աւելի արագ փոխադրական միջոցներն էին, որ առաջին անգամ սկսան մեծ տարողութեամբ հատել միջպետական սահմանները: Տեղեկութեանց եւ գաղափարներու հոսքը դարձաւ մատչելի եւ արագ: Տակաւին, ասոնց յաջորդեց տնտեսական համաշխարհայնացումը, աժան մարդուժ ունեցող երկիրներու մէջ հարուստ պետութիւններու կողմէ նիւթական աղբիւրներու ստեղծումը, որ ընկերային շարժումներուն եւ աքթիվիսթներուն համար ստեղծեց նոր հնարաւորութիւններ, իշխանութիւնները իրենց պետական սահմաններէն դուրս նաեւ հարուածելու կարելիութիւններ: Այսպէս զարգանալու առիթը ունեցաւ անդրազգային աքթիվիզմը, որ սահմաններու հետզհետէ վերացականացման հետ իր վերելքը շարունակել խոստացող իրականութիւն մըն է այսօր:
Դերակատարներ
Ակադեմականներ կը մատնանշեն պատմութեան ընթացքին անդրազգային գործունէութիւն վարած քանի մը տեսակի դերակատարներ: Առաջինը, արդէն նախապէս նշեցինք, պետութիւններն են: Միացեալ Նահանգները կը հանդիսանան այս տեսակին մէջ յառաջատարը` այլ երկիրներու մէջ գործող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու մեծագոյն հովանաւորը ըլլալով: Արդէն ըսինք սակայն, որ մեր կեդրոնացումը պիտի ըլլայ ոչ պետական միաւորումներու վրայ:
Քաղաքագէտ եւ ընկերաբան Սիտնի Թարրօու կ՛առանձնացնէ անդրազգային աքթիվիզմի երեք դերակատար միաւորներ` անդրազգային ընկերային շարժումները, միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, անդրազգային աքթիվիզմի ցանցերը:
1.- Անդրազգային Ընկերային Շարժումներ
(Transnational Social Movements)
Ասոնք ընկերային օրակարգերով զօրաշարժի ենթարկուած խումբեր են, որոնք ունին նուազագոյնը երկու տարբեր պետութիւններու մէջ գտնուող բաղկացուցիչ տարրեր, եւ որոնք ներգրաւուած են իրենց բնակած երկրի սահմաններէն դուրս եղող պետութեան մը, միջազգային կառոյցի կամ տնտեսական միաւորի մը դէմ պայքարներու մէջ:
2.- Միջազգային Ոչ Կառավարական Կազմակերպութիւններ
(International Non-Governmental Organizations)
Ասոնք կազմակերպութիւններ են, որոնք կը բանին կառավարութիւններէն անկախ եւ իրենց անդամական ցանկերուն մէջ ունին մէկէ աւելի պետութիւններու քաղաքացիներ: Ունին յստակ միջազգային նպատակներ, ծառայութիւններ կը մատուցեն այլ պետութեանց քաղաքացիներու եւ մնայուն կերպով շփման մէջ են պետութիւններու, անկախ միաւորներու եւ միջազգային հիմնարկներու հետ: Այս կազմակերպութիւններուն թիւը մնայուն աճի մէջ է. առաջին օրինակները հիմնուած են 19-րդ դարու վերջաւորութեան, իսկ այսօրուան գնահատականներով անոնց թիւը արդէն կը հասնի 40 հազարի:
Անդրազգային ընկերային շարժումներու եւ միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հիմնական տարբերութիւնը վարքային-գործելաոճային է: Թէեւ երկուքն ալ ընկերային փոփոխութիւններ ունին իբրեւ նպատակ, բայց մինչ անդրազգային ընկերային շարժումները հակամարտութեան, պայքարի, բախումի մէջ են պետութիւններու, կազմակերպութիւններու հետ, եւ այդ մէկը համեմատաբար նեղ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին եւ յատուկ հարցի մը առնչութեամբ, միւս կողմէ` միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները երկարաժամկէտ եւ ոչ անպայման բախումնային, այլ յաճախ նոյնիսկ կառուցողական յարաբերութեան մէջ են տուեալ հասցէներուն հետ:
3.- Անդրազգային Աքթիվիզմի Ցանցեր
(Transnational Activist Networks)
Այստեղ խօսքը կուռ եւ մնայուն կառոյցներու մասին չէ, այլ` յարափոփոխ ու ժամանակաւոր ցանցերու: Անդրազգային աքթիվիզմի ցանցերը վերեւ ներկայացուած նախորդ երկու դերակատարներուն այլընտրանք չեն հանդիսանար, այլ ընդհակառակն` կ՛ընդգրկեն զանոնք: Խօսքը յարաբերական ցանցերու մասին է: Ասոնք այն անպաշտօն հարթակներն են, որոնց միջոցով ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ եւ ընկերային շարժումներ կը յարաբերին մէկզմէկու հետ, միջազգային կառոյցներու, ուսումնասիրական կեդրոններու, հաստատութիւններու, լրատուամիջոցներու, արհեստակցական միութիւններու, մտաւորականներու, մինչեւ իսկ կառավարութիւններու հետ` փոխադարձ շահ ապահովելու տրամաբանութեամբ: Ընդհանրապէս (բայց ոչ անպայման) այսպիսի ցանցեր կը ստեղծեն նո՛յն համոզմունքներն ու ուղղութիւնը ունեցող տարբեր կողմեր: Այս ցանցերուն առաջնակարգ դերն է տեղեկութեան փոխանակումը: Տուեալ շարժում մը կարիքը կը զգայ դիմելու տուեալ կազմակերպութեան մը, իրեն անհասանելի, բայց միւսին գործունէութեան դաշտին աւելի մօտ տեղեկութիւն մը ձեռք ձգելու համար… եւ փոխադարձաբար. բացի տեղեկութենէն, յարաբերական այս հարթակները կը ծառայեն նաեւ ընկերային պայքարի առնչուած փոխադարձ «մարզում»-ներու, մարտավարութիւններու փոխանցման, ինչպէս նաեւ որոշ պարագաներու գործնական գետնի վրայ ուղղակի համագործակցութեան:
Գործելաոճեր
Տեսնելէ ետք անդրազգային աքթիվիզմի տարբեր հարթակները, կ՛անցնինք անոր իրագործման տարբեր ոճերուն: Այստեղ կը տեսնենք երկու հիմնական գործելաոճեր. արտաքին ճնշում եւ ներքին զօրաշարժի ուղղութեամբ աշխատանք:
1.- Արտաքին Ճնշում
Նախ եւ առաջ, կայ արտաքին ճնշման պարզ եւ ուղղակի եղանակը: Այս մէկը կը յաջողի այն պարագային, երբ տեղական կեղեքողները ունին խոցելի կէտեր իրենց պետական սահմաններէն դո՛ւրս եւս. այստեղ խօսքը մասնաւորապէս նիւթական շահերու մասին է: Եթէ կեղեքողը անդրազգային առեւտուրի տէր է, ապա այս մէկը կարելիութիւնը կու տայ անդրազգային աքթիվիզմի: Արտասահմանեան աքթիվիսթներ, գտնելէ ետք տուեալ կեղեքող կողմին արտասահմանեա՛ն խոցելի կէտերը (առեւտրական ընկերութիւններ, շահաբաժիններ, արտադրողական գործարաններ…), կ՛անցնին անոնց դէմ ուղղակի «յարձակման»:
Կայ նաեւ արտաքին ճնշման աւելի բարդ ու հանգրուանային ձեւը: Այստեղ կը դիմենք ակադեմականներու պատկերած բառացի թարգմանութեամբ «ոլրանետի պատկեր»-ին (Boomerang effect): Երբ տուեալ ուժ մը կը տեսնէ, թէ իր երկրի իշխանութիւններուն վրայ անկարող է ճնշում բանեցնել, վերոյիշեալ աքթիվիզմի ցանցերուն ընդմէջէն կը դիմէ արտասահմանեան ուժերու, որպէսզի անոնք բանեցնեն այդ ճնշումը (արտաքի՛ն այս անգամ) իրե՛նց պետութեանց կամ միջազգային կառոյցներու ճամբով: Աւելորդ է թերեւս նշել, որ դիմումը ստացող կողմն ալ կրնայ իր կարգին կարիքը զգալ ճնշելու ի՛ր իշխանութիւններուն կամ միջազգային կառոյցներուն վրայ, մինչեւ համոզէ զանոնք շարժիլ պահանջուած ուղղութեամբ: Այսպէս կը պարզուի ոլրանետի պատկերը: Ճնշուած կողմը փոխանակ ուղղակիօրէն հարուածէ ճնշողին, կը դիմէ անդրազգային գործելաոճին, եւ իր «նետ»-ը
կ՛արձակէ այլ ուղղութեամբ, դէպի արտաքին բարեկամ ուժ մը, յուսալով, որ ի վերջոյ այն կը վերածուի ոլրանետի ու շրջուելով (վերածուելով արտաքին ճնշումի) կը հասնի իր թիրախին: Դուրսի ուժերը, եթէ իրենց տրամադրութեան տակ չունին կեղեքող կողմի զգայուն կէտեր, որոնց կարելի է ուղղակիօրէն հարուածել, ապա կը դիմեն անուղղակի ճնշման ձեւին: Այսինքն նախ եւ առաջ կ՛աշխատին հարցին մասին կարեւոր եւ ազդեցիկ միջազգային շրջանակներու մօտ քարոզչութեան ուղղութեամբ, որուն կը յաջորդէ այդ ազդեցիկ ուժերը համոզել կամ ստիպել (լոպիինկի կամ այլ միջոցներով) շարժիլ հարցին ուղղութեամբ եւ իրենց կարգին ստիպել թիրախ-իշխանութեան տեղի տալ եւ կատարել որոշ զիջումներ: Աւելի մատչելի դարձնելու համար կը ներկայացնենք հետեւեալ պատկերը:
Ոլրանետի Դրութիւնը
Պատմական օրինակներ ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ եթէ արտաքին ճնշումը չյաջողի պայքարը յաղթանակի հասցնել, ապա կրնայ այսպէս թէ այնպէս նպաստել անոր. օրինակ, միջազգային մակարդակով բարձրացող աղմուկը եւ հարցին հանդէպ զարգացող հետաքրքրութիւնը կը ստիպեն տեղական իշխանութիւններուն առնուազն աւելի զգուշ ըլլալ իրենց քայլերուն մէջ. այսպիսով, տեղական աքթիվիսթները կ՛ունենան համեմատաբար աւելի ազատ վիճակ` տրուած ըլլալով, որ իշխանութիւնները չեն կրնար զիրենք օտար ուժերու աչքին առջեւ նո՛յն դիւրութեամբ հետապնդել: Միւս կողմէ, այս արտաքին ճնշումները կը նպաստեն սահմաններէն ներս գտնուող աքթիվիսթներու հոգեբարոյական լիցքաւորումին եւ ուժեղացման:
Արտաքին ճնշման գործելաոճը սակայն կը մնայ իր կարելիութիւններով սահմանափակ եւ կը սպառնայ նոյնիսկ խաթարել պայքարին էութիւնը, եթէ ինքզինք անջատէ սահմաններէն ներս գտնուող իրականութենէն, եթէ անտեսէ սահմաններէն ներս գտնուող աքթիվիսթները եւ կացութիւնը: Այստեղ արդէն ի յայտ կու գայ կարիքը երկրորդ գործելաոճին` ներքին զօրաշարժի ուղղութեամբ աշխատանքին:
2.- Ներքին Զօրաշարժի Ուղղութեամբ Աշխատանք
Անդրազգային աքթիվիսթներուն, բացի արտաքին ճնշում բանեցնելէ, վիճակուած է այլ կարեւոր աշխատանք մը: Այդ տուեալ պետութեան սահմաններէն ներս զօրաշարժ մը յաջողցնելու, այդ զօրաշարժին օգտակար դառնալու աշխատանքն է: Մասնակցութիւն` ներքին պայքարի հզօրացման գործին: Այսպէս, փոխանակ միայն դուրսէն ճնշում բանեցնելու, անդրազգային աքթիվիզմ կատարողները պարտին նաեւ ձեռք երկարել սահմաններէն ներս գտնուող ուժերուն` անոնց տրամադրելով նիւթական միջոցներ, բարոյական նեցուկ, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիական անհնազանդութեան եւ պայքարի վերաբերող անհրաժեշտ դաստիարակութիւն ու մարզում, եւ իրաւաբանական ու այլ մարզերէ ներս խորհրդատուութիւն: Տակաւին, որոշ պարագաներու արտաքին դերակատարները կրնան կազմակերպել գործուղումներ դէպի խնդրոյ առարկայ երկիր, այդ գործուղումներուն միջոցով կարելի կը դառնայ ոչ միայն տեղական աքթիվիսթներու յաւելեալ դաստիարակութիւնը, այլ նաեւ` նոր աքթիվիսթներու զինուորագրումը: Այս անշուշտ չի նշանակեր, թէ առանց արտաքին օգնութեան կարելի չէ ներքին զօրաշարժ ունենալ. խօսքը պարզապէս յաւելեալ օգտակարութեան մասին է: Ներքին զօրաշարժի ուղղութեամբ աշխատանքին հիմնական նպատակը կ՛ըլլայ կազմակերպել սահմաններէն ներս պայքարը եւ պատրաստել այդ պայքարը իր ուսերուն վրայ վերցնելու ատակ ղեկավարութիւն, եթէ անշուշտ մինչ այդ կը բացակայի այդ մէկը:
Սոյն նիւթին շուրջ եղած գրականութեան մէջ կը նշուի, թէ ամէնէն յաջողակ պարագաները անոնք են, ուր երկու գործելաոճերը կիրարկուած են միաժամանակ: Թէ՛ արտաքին ճնշումով եւ թէ՛ ներքին պայքարին յաւելեալ սնունդ հասցնելով` կարելի է աշխատիլ ու թիրախը ձգել երկու կրակի մէջ:
Պատմական Օրինակներ
Ինչպէս արդէն նշեցինք, այս նիւթին շուրջ կայ բաւական լայն գրականութիւն, ուստի եւ բնականաբար` բազմաթիւ օրինակներ: Ամփոփ ձեւով անդրադառնանք միայն երկու պատմական օրինակներու` աւելի մատչելի դարձնելու համար վերոյիշեալ ընդհանուր ներկայացումը:
Առաջին օրինակը պիտի ըլլայ Ծայրագոյն Արեւելքէն: 21-րդ դարու առաջին տասնամեակի ընթացքին Հոնկ Քոնկի մէջ ակադեմականներու եւ աքթիվիսթներու կողմէ հիմնուած Կուանկտոնկի գաղթականներու միութիւնը իր գործունէութեամբ կու տայ երկու գործելաոճերուն միատեղ գոյութեան օրինակ մը: Արդարեւ, Կուանկտոնկի գաղթականներու միութիւնը, որ Հոնկ Քոնկէն կը պայքարէր Չինաստանի մէջ բանուորներու հանդէպ վատ վերաբերմունքին եւ անոնց կեղեքման դէմ, մէկ կողմէ նպաստած է Չինաստանի մէջ որոշ բանուորներու զօրաշարժին` անոնց օգնելով իրենց գործարաններուն եւ միացեալ բնակավայրերուն մէջ աքթիվիզմի ցանցեր կազմակերպելու գործին մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց տալով իրաւաբանական խորհուրդներ եւ օրէնքով ամրացուած իրենց իրաւունքներուն մասին տեղեկութիւններ, իսկ միւս կողմէ` արտասահմանի մէջ ճնշում բանեցուցած է կեղեքող կողմերուն վրայ, օրինակ` մասնակցելով «Տիզնի» ընկերութեան դէմ ծաւալած հակաքարոզչական արշաւներուն:
Հարաւային Ափրիկէի ցեղային խտրականութեան վրայ հիմնուած համակարգի փլուզման մէջ եւս դեր խաղացած է անդրազգային աքթիվիզմը: Այս գործունէութեան կեդրոնը եղած է հեռաւոր Լոնտոնը: Այսպէս, արտասահմանի աքթիվիսթներ նախ եւ առաջ աշխատած են միջազգային հանրութեան մէջ անհրաժեշտ մթնոլորտը ստեղծելու եւ հակացեղապաշտական գաղափարներ արմատաւորելու ուղղութեամբ, որուն յաջողութենէն ետք անոնք վերեւ ներկայացուած հանգրուանային արտաքին ճնշման ձեւը օգտագործելով` յաջողած են որոշ միջազգային ուժերու ստիպել ճնշում բանեցնել Հարաւային Ափրիկէի օրուան իշխանութիւններուն վրայ, մինչեւ որ վերջ տրուի փոքրամասնութիւն ներկայացնող ճերմակամորթներու իշխանութեան: Զուգահեռաբար, անոնք օգտագործած են արտաքին ճնշման ուղղակի ձեւը նաեւ` հարուածելով Հարաւային Ափրիկէի արտասահմանեան տնտեսական շահերուն:
Նմանատիպ օրինակներու շարքը կարելի է երկարել, բայց ժամանակն է եզրափակելու ընդհանուր ներկայացման այս մասը, եւ արագ ու ամփոփ վերադարձ մը կատարելու մեզ հետաքրքրող հիմնական նիւթին` Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարացման եւ բարեկարգման աշխատանքին սփիւռքի մասնակցութեան կարելիութիւններուն:
Բ.- Անդրազգային Աքթիվիզմը Եւ Մենք
Այս յօդուածին նպատակը սփիւռքի համար անդրազգային աքթիվիզմի ռազմավարութիւն մը ներկայացնելը չէ, վճռելը չէ, թէ սփիւռքը որքա՞ն եւ ի՞նչ ձեւերով կրնայ նետուիլ այդ դաշտին մէջ: Այդ մէկը կը պահանջէ խմբային աշխատանք, ծրագրաւորում, ծաւալուն ուսումնասիրութիւն… Այս յօդուածին նպատակն է անդրազգային աքթիվիզմի կարելիութիւններուն շուրջ խորհրդածելու, այդ ուղղութեամբ ռազմավարութեան մը մասին մտածելու կոչ ընել պատկան մարմիններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան պարզած իրավիճակը, արտագաղթի իր մտահոգիչ պատկերով, պէտք է ստիպէ սփիւռքին Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկարգումի ուղղութեամբ տարուելիք անդրազգային աքթիվիզմի մը օրակարգը բերել աշխատանքային սեղան, զայն դարձնել սպառիչ քննարկումի առարկայ:
Այո, սփիւռքը պէտք է պաշտպանէ Հայաստանի Հանրապետութեան պետականութեան շահերը, պէտք չէ հակադրուի անոնց, բայց նո՛յն այդ շահերն են, որոնք կը պահանջեն յստակօրէն զանազանել պետութիւնը իշխանութիւններէն եւ ուղղակի պայքա՛ր մղել ներկայ իշխանութիւններուն դէմ, որոնք դարձած են սպառնալիք`պետականութեան: Այո, ակներեւ է բարդութիւնը արտաքին քաղաքականութեան որոշ բաժիններու մէջ (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ հատուցում…) իշխանութիւններուն հետ գործակցելու, բայց միաժամանակ ներքին հարցերով անոնց դէմ պայքարելու ռազմավարութեան պարագային: Սակայն աւելի քան ակներեւ են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ընկերային եւ ժողովրդագրական ահազանգները: Ելքերն են, ձեւերն են, չափերն են, որ պէտք է փնտռել:
Զուգահեռներ գծելով վերեւ ներկայացուած անդրազգային պայքարի ձեւերուն եւ օրինակներուն հետ` ներկայացնենք տակաւին անբաւարար եւ յաւելեալ քննարկման ծարաւ հետեւեալ մտածում-հարցադրումները, որպէս սեւագրութիւն, որոշ գաղափար մը տալու համար պարզապէս.
- Միտելով հարուածել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւոր անձնաւորութիւններուն ամէնէն զգայուն ջիղին` նիւթական շահին, սփիւռքեան ուժեր չե՞ն կրնար ուսումնասիրել այդ անձնաւորութիւններուն արտերկրի մէջ հաստատած «օֆշորային» տնտեսական շահերու աղբիւրները ու զանոնք հարուածելու կարելիութիւնը: Կա՞ն արտերկրի մէջ այդպիսի թիրախներ, ո՞ւր են անոնք, որքա՞ն նշանակալից են, ինչպէ՞ս կարելի է հարուածել:
- Կարելի չէ՞ հակադարձել օտար կառավարութիւններու Հայաստանի այս իշխանութիւններու անարդարութիւններուն լուռ հաւանութեան, հայաստանեան «ընտրութիւն»-ներուն մասին տրուող դրական գնահատականներուն: Կարելի չէ՞ արդեօք իբրեւ սփիւռք աշխատիլ այդ մեղսակցական գործակցութիւնը թուլցնելու ուղղութեամբ: Որքանո՞վ կարելի է արդեօք այդ երկիրներուն մէջ օգտագործել լոպիինկի կամ քարոզչութեան կարելիութիւնը` ազդելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւոր շրջանակներուն հետ անոնց յարաբերութեանց վրայ:
- Սփիւռքեան ուժեր հնարաւորութիւն չունի՞ն արդեօք որոշ օտար ընկերութիւններու կողմէ հայաստանեան հանքերու անխնայ շահագործման ի տես հարկ եղած աղմուկը բարձրացնելու, այդ ձեւով նաեւ փորձելու հարուածել Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանաւոր այն խաւին, որուն մեղսակցութեամբ է, որ տեղի կ՛ունենայ բնապահպանական այդ աւերը:
- Արտերկրի մէջ չկա՞ն անդրազգային աքթիվիզմի օտար ցանցեր կամ կազմակերպութիւններ, որոնց հետ սփիւռքահայութեան միջնորդութեամբ կարելի է փոխադարձ օգտակարութեան սկզբունքով գործակցիլ եւ կապերը ծառայեցնել մեր նպատակին:
Վերջապէս, սփիւռքը որեւէ ձեւով չի՞ կրնար աշխատանք տանիլ օգտակար դառնալու համար Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն նե՛րս ծաւալելիք պայքարի մը հասունացման` ի հարկին տրամադրելով նիւթական օգնութիւն, մարդուժ, յարաբերական ցանց…
Հարկ է այստեղ զգուշաւորութենէ մեկնելով ընդգծումներ ընել: Նախ` կրկնելու գնով շեշտենք, որ պէտք է յստակ իրարմէ զանազանել պետութեան եւ իշխանութիւններու շահերը ու զգուշ ըլլալ, որ հարուածները երթան իշխանաւոր անհատներուն, այլ` ոչ պետութեան: Ապա` զգուշանալ պայքարի կեդրոնը Հայաստանէն սփիւռք տեղափոխելէն. Զուգահեռաբար արտաքին ճնշումներուն, սփիւռքը պարտի անպայմանօրէն աշխատիլ ներքի՛ն ճնշման, ներքի՛ն պայքարի մը, ներքի՛ն ընդդիմութեան ուժեղացման ուղղութեամբ, միշտ սերտ կապի մէջ մնալ երկրի ուժերուն հետ, ըլլալ օժանդա՛կ տարրը, իսկ ընդհանուր շարժման ղեկավարման հիմնական կշիռը պահել երկրի՛ն մէջ: Տակաւին, այլ արտաքին ուժերու հետ գործակցութեան պարագային բնականաբար պէտք է զգուշանալ այդ ուժերու անձնական ոչ հայանպաստ օրակարգեր յառաջ քշելէն, Հայաստանի մէջ թափանցում ապահովելէն…
Վերջապէս, խօսքը սփիւռքը անդրազգային աքթիվիզմի դերակատար դարձնելու մասին է: Միւս կողմէ, կրնայ բախտաւորութիւն համարուիլ ներկայութիւնը սփիւռքեան ցանցը ղեկավարելու կառուցային յարմարութիւն ունեցող կազմակերպութեան մը, որուն յաւելեա՛լ ամրապնդումն ու բիւրեղացումը այլ այժմէական հրամայականներ պէտք է ըլլան:
Յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճման եւ շարունակականութեան ապահովման, սփիւռքը իբրեւ անդրազգային աքթիվիզմի դերակատար օգտագործելու գաղափարը լրջօրէն քննարկել է պէտք:
Օգտագործուած աղբիւրներ.-
1.- Eli D. Friedman, 2009, “External Pressure and Local Mobilization: Transnational Activism and the Emergence of the Chinese Labor Movement”.
2.- Sidney Tarrow, TRANSNATIONAL POLITICS: Contention and Institutions in International Politics3.- Audie Klotz, 2002, Transnational Activism and Global Transformations: The Anti-Apartheid and Abolitionist Experiences.
4.- Margaret E. Keck and Kathryn Sikkink, 1998, Atcivists Beyond Borders: Advocacy Networks in International Politics.


